
Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ գերմանական «Սիւտոչը Ցայթունկ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը Թուրքիոյ համար ռազմավարական նպատակ է, եւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները բնաւ պէտք չէ անհանգստանան այդ փաստէն։
«Կէս միլիառ բնակչութեամբ Եւրոպական Միութիւնը պէտք չէ վախնայ 60-70 միլիոննոց երկիրէ մը։ Եթէ ժողովրդավարական ընդհանուր արժէքներ կը դաւանինք, ուրեմն մնացեալը անընդունելի է», ըսած է Կիւլ՝ անհրաժեշտ համարելով Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւնները վերակենդանացնելը։
Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման հարցին նկատմամբ թուրք ազգայնամոլներուն կտրուկ հակազդեցութեան վերաբերող հարցումի մը ի պատասխան, Թուրքիոյ նախագահը նշած է, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորումը կարեւոր է ոչ միայն Թուրքիոյ համար, այլ նաեւ ամբողջ տարածաշրջանի կայունութեան ապահովման համար։ Այդ իսկ պատճառով, ըստ Կիւլի, Թուրքիա վճռականօրէն կը շարունակէ կարգաւորման գործընթացը։