ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է հովանաւորել Մարդկային իրաւանց միջազգային իրաւական միութեան կողմէ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ կազմակերպուող այն միջազգային գիտաժողովը, որ նուիրուած է ցեղասպանութեանց զոհերուն վնասուց հատուցում ապահովելու աշխատանքներուն, եւ որուն ընթացքին լուսարձակի տակ պիտի առնուին նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն կողմէ վնասուց հատուցում ապահովելու աշխատանքները:
Գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 23ին, համալսարանի «Տատ» սրահին մէջ, կ.ա. ժամը 11էն մինչեւ կ.ե. ժամը 5:
Գիտաժողովին համար, Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերող վնասուց հատուցումներու հարցին նուիրուած իւրայատուկ տեղեկագիր մը կը պատրաստուի՝ յայտնի ցեղասպանագէտներու եւ իրաւագէտներու համագործակցութեամբ: Տեղեկագիրին հեղինակներն են՝ Ալֆրետ տէ Զայաս, Ճըրմէյն ՄըքՔելփին, Հենրի Թերիոթ եւ նախկին դեսպան Արա Պապեան:
Տեղեկագիրին ներկայացման կողքին, գիտաժողովին ընթացքին պիտի կազմակերպուին յատուկ աշխատանիստեր՝ նուիրուած Հայկական Ցեղասպանութեան: