Թրքական «Թարաֆ» թերթը կը հաղորդէ, որ Ուաշինկթըն «Քայիտա»ի, «Համաս»ի եւ «Հըզպալլա»ի դէմ պայքարին մէջ, Անգարայէն յաւելեալ գործակցութիւն խնդրած է։ Թերթը կը նշէ, որ այս խնդրանքը Անգարայի փոխանցուած է թրքական գաղտնի սպասարկութեան (ՄԻԹ) ղեկավար Հաքան Ֆիտանի, որ անցեալ ամիս Ուաշինկթընի մէջ «Սի.Այ.Էյ.»ի ղեկավարութեան հետ հանդիպում մը ունեցած էր:
Մինչ Ֆիտան այս հանդիպումին ընթացքին փորձած է խօսակցութիւնը կեդրոնացնել Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ պայքարին վրայ՝ ամերիկեան կողմէն յուսալով յաւելեալ գործակցութիւն, ամերիկեան կողմը ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է Ֆիտանի այն պահանջքին վրայ, որ Թուրքիա վերոյիշեալ կազմակերպութեանց ու անոնց ճիւղաւորումներուն դէմ պայքարին մէջ աւելի ազդու դեր կատարէ։