ԷæՄԻԱԾԻՆ, «Նիուզ».- Հոկտեմբեր 7-9ի միջեւ, Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եւ Հոլանտայի հայոց հոգեւոր դասը, Հայկական տպագրութեան հիմնադրման 500ամեակին առիթով Էջմիածինի մէջ կազմակերպած են գիտաժողով մը, որ նուիրուած է Ամսթերտամի «Սուրբ Էջմիածին եւ Սուրբ Սարգիս Զօրավար» հայկական տպարանի հիմնադրման (1660թ.) եւ գործունէութեան յիշատակին:
Ըստ Մայր աթոռի տեղեկութիւններուն, գիտաժողովին կը մասնակցին եւ զեկոյցներով հանդէս կու գան Մայր աթոռի միաբաններ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու արտերկրի տարբեր գիտակրթական հաստատութիւններու 18 գիտաշխատողներ:
Գիտաժողովին առթիւ, Հոկտեմբեր 9ին Մատենադարանին մէջ պիտի բացուի Ամսթերտամի մէջ տպագրուած հայ հնատիպ գիրքերու եւ այնտեղ գրուած հայերէն ձեռագիրներու ցուցահանդէս՝ «Սուրբ Էջմիածինի լոյսն Ամսթերտամի հայոց տպարանից» խորագիրով:
Նոյն օրը գիտաժողովին մասնակիցները պիտի մեկնին Ուշիի Ս. Սարգիս եկեղեցին, ուր պիտի կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն՝ հայ տպագրիչներու հոգիներու հանգստութեան համար: Երեկոյեան, Կամերային ազգային երաժշտութեան տան մէջ, մասնակցութեամբ Հայաստանի կամերային նուագախումբին, տեղի պիտի ունենայ դասական երաժշտութեան համերգ: