
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Հոկտեմբեր 6ին, ՀՀ Ազգային ժողովին մէջ յայտարարած է, թէ վերջին քանի մը ամիսներուն թրքական կողմին հետ որեւէ բանակցութիւն տեղի չէ ունեցած, եւ մօտակայ ժամանակներուն նոյնպէս չի նախատեսուիր որեւէ բանակցութիւն:
Պատգամաւոր Ստեոփա Սաֆարեան ուզած է իմանալ եթէ իրականութեան կը համապատասխանեն այն բոլոր լուրերը, ըստ որոնց, Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարը դարձեալ պատրաստակամութիւն յայտնած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով հանդէս գալու՝ իբրեւ միջնորդ: Նախարար Նալբանդեան շեշտած է, թէ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարը արդէն իսկ յայտարարած է, որ նման բանակցութիւններ չեն ընթանար, եւ ինք աւելցնելու որեւէ բան չունի:
«Բանակցութիւնները կը վերսկսուեն այն ժամանակ, երբ Թուրքիան նորից պատրաստ կը լինի առանց նախապայմանների գնալ յարաբերութիւնների կարգաւորմանը», աւելացուցած է նախարարը: