
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան, ազգային ապահովութեան, արտակարգ իրավիճակներու եւ ռազմական ճարտարարուեստի նախարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ սահմանային ապահովութեան, պետական ապահովութեան յատուկ ուժերուն եւ փոխադրական սպասարկութիւններու հովանիին տակ գործող ապահովական ուժերուն յառաջիկայ տարեշրջանին համար նախատեսուած է 2,630,169,341 ատրպեճանական մանաթ գումար մը (մօտաւորապէս 3.3 միլիառ տոլար):
Ընդհանուր գումարին 1.1 միլիառ մանաթը նախատեսուած է «պաշտպանութեան յատուկ ծրագիրներու եւ նախաձեռնութեանց», իսկ 855,416,839 մանաթը պիտի տրամադրուի պաշտպանութեան նախարարութեան: 89,306,570 մանաթ պիտի յատկացուի սահմանապահ ուժերու սպասարկութեան, իսկ 43,023,292 մանաթ՝ ապահովական ուժերու անդամներու ամսականներուն եւ թոշակներուն: