ՎԱՅՈՑ ՁՈՐ, «Նիուզ».- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Հոկտեմբեր 3ին Վայոց Ձորի մարզին մէջ մասնակցած է հայկական վերածնունդի ժամակաշրջանի հայ մանրանկարիչ, քանդակագործ ու ճարտարապետ Մոմիկի ծննդեան 750ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններուն:
Այս առթիւ, Օրբէլեան իշխանական տան Նորավանքի վանքային համալիրի տարածքին տեղի ունեցած է Մոմիկի թանգարանին բացումը, որմէ ետք կայացած է Մոմիկի 750ամեակին նուիրուած պետական յանձնաժողովի յոբելինական նիստը, զոր վարած է Հայաստանի վարչապետ, յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Սարգսեան:
Վարչապետին զեկուցուած է կառավարական յանձնաժողովին կողմէ նախատեսուած ծրագիրի ընթացքին եւ հետագայ աշխատանքներուն մասին: Այնուհետեւ, վարչապետը Եղէգնաձոր քաղաքին մէջ մասնակցած է Մոմիկի ծննդեան 750ամեակին նուիրուած բացօթեայ համերգային ծրագիրին: Մոմիկի նուիրուած տօնակատարութիւններուն զուգահեռ, Վայոց Ձորի մէջ նաեւ տեղի ունեցած է բերքի տօն, որ Եղէգնաձորի մէջ կը նշուի 1965էն ի վեր: Այս առիթով կառավարութեան ղեկավարը նշած է, որ նման տօնակատարութիւններ պէտք է աւանդական դարձնել:
Տիգրան Սարգսեան այցելած է նաեւ Մոմիկի յուշարձանը, ապա՝ Եղէգնաձորի երկրագիտական թանգարանը, ու ծանօթացած է շրջանին մէջ հնագիտական պեղումներու գտածոներուն:
ՀՀ վարչապետը այցելած է նաեւ «Գլաձորի համալսարան» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանը (Ս. Յակոբ եկեղեցի, 13-14դար), ուր ունկնդրած է երիտասարդ կատարողներու կողմէ ներկայացուող հայ դասական երաժշտութիւնը: