ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Հոկտեմբեր 6-12ի ընթացքին, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ մանկապատանեկան շարժապատկերներու 6րդ փառատօնը՝ կազմակերպութեամբ «Ռոլան Պիքով» երիտասարդական շարժապատկերի ու պատկերասփիւռի զարգացման հիմնադրամին:
Փառատօնի ծիրէն ներս, Հայաստան պիտի ժամանեն շարժապատկերի եւ մշակոյթի այլ ոլորտներու ականաւոր դէմքեր: Փառատօնին ընթացքին հանդիսատեսին եւ դատական կազմին պիտի ներկայացուին շուրջ 80 շարժապատկերներ՝ աշխարհի 27 երկիրներէ:
Փառատօնը նաեւ կը ներառէ շարք մը ծրագիրներ, որոնք ուղղուած են երեխաներու եւ պատանիներու հոգեւոր-մշակութային զարգացման: Փառատօնի ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենան հասարակական ուղղուածութեան «Դու միայնակ չես», «Յաղթենք միասին» ծրագիրները, որոնց շրջանակէն ներս շարք մը երեխաներ ու դեռահասներ պիտի ենթարկուին բժշկական անվճար հետազօտման: Նաեւ Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր ձեռնարկ մը՝ նուիրուած երեխաներուն եւ դեռահասներուն: