
ՊԱՔՈՒ, «Նիուզ».- Ըստ ատրպեճանական «news.az»ին, Հոկտեմբեր 5ի կանուխ ժամերուն, ինքնասպան եղած է Մանուէլ Սարիբէկեանը, որ ատրպեճանական լրատուամիջոցներու եւ պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ որակուած էր «դիվերսանտ» (խափանարար-Խմբ.)։
Ան իր խուցին մէջ գտնուած է կախուած վիճակի մէջ, իբրեւ պարան օգտագործելով վերնաշապիկն ու սաւանը: Սարիբէկեանի վիզին յայտնաբերուած է կախուելու համար օգտագործուած իրերուն բնորոշ սպի:
Յիշեցնենք, որ Սարիբէկեան ձերբակալուած էր Սեպտեմբեր 11ին, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի Զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ: Ատրպեճանական կողմը զայն որակած էր հայ «դիվերսանտ», իսկ ձերբակալումէն քիչ անց «ANS» հեռատեսիլի ալիքը ցուցադրած էր հատուած մը, ուր Մանուէլ Սարիբէկեան կը խոստովանէր, թէ «Ատրպէյճանի տարածքում դիւերսիոն գործունէութիւն իրականացնելու համար պատրաստութիւն է անցել»: Հոլովակը յայտնուած է նաեւ «YouTube»ի վրայ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով, Մանուէլ Սարիբէկեան եղած է մոլորուած հովիւ մը, իսկ զայն «իբրեւ հայ «դիվերսանտ» ներկայացնելու փորձերը ատրպեճանական քարոզչամեքենային հերթական պարզունակ քայլն է»:
ՀՀ նախարարութիւնը նշած էր նաեւ, որ տեսահոլովակի փորձաքննութեամբ կ՛երեւի, որ անիկա նկարուած է հոգեբանական եւ մարմնական ճնշումներու յատուկ միջոցներու կիրառումով: