ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն այլ բնութագրում կարելի չէ տալ: Վերջին քստմնելի ոճիրը քսանամեայ հայ երիտասարդի մը սպանութիւնն է, որ կատարուեցաւ երէկ, ատրպեճանական բանտի մէջ:
Մանուէլ Սարիբէկեան անունով հայ հովիւը, որ իր ճամբայէն մոլորուելով՝ ինկած էր ազերիներու ճիռաններուն մէջ, դարձաւ զոհը քարոզչական հիւանդագին արշաւի մը՝ կազմակերպուած բարոյապէս եւ ֆիզիքապէս պարտուած բանակի մը ղեկավարութեան կողմէ:
Հովիւ տղան իբրեւ ատրպեճանական սահմանը անցնելու ու խափանարարական արարքներ ձեռնարկելու առաքելութիւն ունեցող բանակային ներկայացնելու ապարդիւն ճիգը, այլ ելք չէր կրնար ունենալ: Չարչարելով ու խոշտանգելով հայ երիտասարդը, խեղելով անոր հոգեկան կերտուածքը, ազերի դահիճները անկէ իբրեւ թէ «խոստովանութիւն» կորզած էին այն մասին, որ ինք, իբրեւ թէ՝ մարզուած է յատուկ գործողութիւններ իրականացնելու համար ատրպեճանական տարածքին վրայ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հերքումները անտեսելով՝ Ատրպէյճանի քարոզչական պատերազմը ղեկավարողները անպայման ուզեցին աւելի ու աւելի չարաշահիլ իրենց ձեռքը ինկած «աւար»ը՝ զայն հասցնելով վիճակի մը, որ ան կրնար աւելի վնասակար ըլլալ իրենց հաշիւներուն, քան՝ «օգտակար»:
Հետեւաբար, զայն պէտք է յաւե՛րժ լրեցնել: Ու լրեցուցին՝ անձնասպանութեան քօղ մը ստեղծելով, ու այդ քօղին տակ թաքցնել փորձելով իրենց յանցագործութիւնը: Նահատակեցին քսանամեայ հայորդին:
Ատրպէյճանի իշխանութեանց այս անմարդկային ոճիրը պէտք է միջազգային հանրութեան դատապարտումին արժանանայ: Մենք մեր կարելին պիտի ընենք աշխարհին տեղեկացնելու ազերի հայատեացութեան այս վերջին դրսեւորման մասին, ու պիտի պահանջենք համապատասխան վերաբերմունք ցոյց տալ անոր հանդէպ: