ՔԱՆՏԻԼ ԼԵՌՆԵՐ, Իրաք, «Ռոյթըրզ».- Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 30ին հաղորեց, թէ մէկ ամիսով եւս պիտի երկարաձգէ իր հռչակած զինադադարը՝ սպասելով նոր զարգացումներու։ Կ՛ակնկալուէր, որ զինադադարը երկարաձգուէր մէկ տարիով, այսինքն՝ մինչեւ Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու թուականը։ Որոշումը հիւսիսային Իրաքի մէջ հաղորդուեցաւ կուսակցութեան ղեկավարներէն Մուրատ Քարայըլանի կողմէ, որ առաջին անգամ ըլլալով թուրք լրագրողներ եւս հրաւիրած էր մամլոյ ասուլիսի մը։ Ան անդրադարձաւ վերջերս Հաքքարիի մէջ ականի մը պատճառաւ մահացած ինը հոգիի հարցին ու ըսաւ, թէ այդ ականը այլ ուժերու կողմէ զետեղուած էր, հաշտութեան բանակցութիւնները կացինահարելու նպատակով։ Ան ըսաւ, որ զինադադարին յաւելեալ երկարաձգումը կախեալ է փոխադարձ վստահութեան հաստատումէն։
«Կառավարութիւնը իրապէս լուծում կը ցանկա՞յ, թէ ոչ: Ասիկա մէկ ամսուան մէջ պիտի տեսնենք ու ըստ այնմ պիտի շարժինք», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ կուսակցութիւնը մտահոգ է Անգարայի կողմէ վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին առնուած քայլերով:
«Եթէ մեր դիմացինները չհրաժարին մեզ հաշուեյարդարի ենթարկել, եւ մեր վրայ բռնութիւն գործադրելու քաղաքականութենէն, այն ատեն զինադադարը կը վերջանայ: Մեր դիմացինները պէտք է լաւ հասկնան, որ այս որոշումը քրտական հարցին մէջ ժողովրդավարական լուծում մը գտնելու ջանքերուն մէջ մեծ դեր պիտի խաղայ՝ նպաստելով տարածաշրջանին մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման», ըսաւ Քարայըլան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.