Միացեալ Նահանգներու Համաշխարհային ապահովութեան հիմնարկի եւրոպական եւ ասիական ծրագիրներու տնօրէն Նիքոլայ Զլոպին Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 1ին, Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց, որ այն սահմանները, որոնք գծուած են խորհրդային իշխանութեան տարիներուն, պէտք չէ այսօր պահպանուին։ «Մենք շատ լաւ գիտենք, որ այս սահմանները շատ կամայականօրէն գծուած են՝ մեկնելով այն գործօններէն, որոնք կը հետաքրքրէին Խորհրդային Միութիւնը եւ ոչ թէ անոնք, որոնց համար սահմանները գծուած են», նշեց ան։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ «այդ մէկը կը վերաբերի՞ Ղարաբաղին»՝ Զլոպին ըսաւ. «Ատիկա ե՛ւ Ղարաբաղին, ե՛ւ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներուն կը վերաբերի։ Սահմանները գծուած են՝ այլ պատկերացումներէ մեկնած։ Անոնք չեն համապատասխաներ ո՛չ տնտեսական կեդրոններուն, ո՛չ տարածաշրջանային, ո՛չ պատմական եւ ոչ ցեղագրական աւանդոյթներուն։ Այս պատճառով, ես կը կարծեմ, որ սահմանները պէտք է փոփոխութեան ենթարկուին, եւ ատիկա բնական գործընթաց է, որմէ պէտք չէ վախնալ», նշեց փորձագէտը՝ աւելցնելով, որ այդ գործընթացը պէտք է լաւապէս կառավարուի, որպէսզի անսպասելի իրադարձութիւններ չպատահին։
Նիքոլայ Զլոպին յետխորհրդային երկիրները համաշխարհային մրցակցութեան մէջ «պարտուած» երկիրներ համարեց։ Ըստ անոր, անոնցմէ շատեր պիտի կրնան մրցակցիլ միջազգային մակարդակի վրայ, սակայն բոլորը պիտի չյաջողին այդ թիրախին հասնիլ: «Ո՛վ չյաջողի, համաշխարհային քաղաքակրթութիւնէն ետ պիտի մնայ, իսկ որոշ երկիրներ պիտի անհետանան։ Համաշխարհային պատմութիւնը այդ կը վկայէ. բոլորը պիտի չյաջողին այդ գործընթացը դիմակայել», եզրակացուց ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.