ԱՆԳԱՐԱ.- «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա-Սուրիա ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդը այս շաբաթավերջին, Լաթաքիոյ մէջ պիտի գումարէ նախարարական երկրորդ ժողովը։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ ժողովներուն ընթացքին պիտի քննուի խորհուրդի նախարարական առաջին հանդիպումէն ի վեր յարաբերութեանց զարգացումը, ինչպէս նաեւ Հոկտեմբեր 23, 2009ին, երկու երկիրներու վարչապետներուն նախագահութեամբ խորհուրդի նիստի ընթացքին ստորագրուած 50 համաձայնութեանց, արձանագրութեանց եւ փոխադարձ հասկացողութեան գործադրութիւնը։
Խորհուրդի նիստին զուգահեռ, Թուրքիա-Սուրիա գործարարներու համախմբում մը տեղի պիտի ունենայ։ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ յայտնեց, որ թրքական կառավարութիւնը վստահ է, թէ ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդը պիտի նպաստէ շրջանի խաղաղութեան, ապահովութեան եւ կայունութեան։
=======
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.