
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ նահանգի կառավարիչի պաշտօնին համար տեղի ունեցող ընտրապայքարին ընթացքին որոշած է նեցուկ կանգնիլ Ճերի Պրաունին, միաժամանակ կոչ ընելով նահանգի բոլոր ամերիկահայերուն, որ իրենց քուէն տան Պրաունին:
«Պրաուն վերջին գրեթէ 40 տարիներու ընթացքին, իր գործերով փաստած էր, որ արժէքաւոր դաշնակից մըն է», ըսած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան ատենապետ Այտա Տիմեճեան:
Տասնամեակներու ընթացքին Պրուան մօտիկ բարեկամ մը եղած է ամերիկահայութեան, եւ իբրեւ Քալիֆորնիոյ ընդհանուր դատախազ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներու իրաւանց պաշտպանութեան հարցով ամերիկահայութեան ի նպաստ դիմում մը կատարած էր անցեալ տարի, Միացեալ Նահանգներու վճռաբեկ 9րդ շրջանային ատեանին:
Պրաուն միշտ նեցուկ կանգնած է ոչ միայն Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու աշխատանքներուն, այլ նաեւ պետական վարժարաններու մէջ անոր դասաւանդումը ապահովելու ջանքերուն:
Իբրեւ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ (1975-1983), ան մեծ թիւով հայեր նշանակած է պետական ու դատական պաշտօններու, ինչպէս նաեւ զանազան յանձնախումբերու անդամ դարձուցած է զանոնք:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Պրաունի երկարամեայ սպասարկութեանց համար, զայն մեծարած է «Ազատութեան մրցանակ»ով:
«Ճերի Պրաուն նահանգապետի պաշտօնին համար լաւագոյն ընտրանքն է, որովհետեւ ան ցոյց տուած է, թէ կրնայ մեր համայնքին շահերը պաշտպանել», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան նախկին անդամ Լեւոն Կիրակոսեան:
Ճերի Պրաունին ընտրապայքարին նեցուկ կանգնելու համար արդէն իսկ պատրաստակամութիւն յայտնած կամաւորներուն միանալու կամ ընտրապայքարին նեցուկ կանգնելու այլ միջոցներու համար, դիմել Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին՝ (818) 500-1918 թիւով: