
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մարտիկ Պօղոսեան, այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Մըրի հետ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները։