Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու «Հարվըրտ» համալսարանի Ճան Քենետիի անուան կառավարման դպրոցին մէջ Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28ի երեկոյեան ունեցած իր ելոյթին ընթացքին անդրադարձած է Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան եւ յատկապէս՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։
Յիշեցնելով Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ տեղի ունեցած բանակցութիւնները՝ Տաւութօղլու յայտարարած է. «Ի վերջոյ անցեալ տարի Հայաստանի հետ ստորագրեցինք արձանագրութիւնները, որոնք ի զօրու են տակաւին»։
Ընդգծելէ ետք, թէ արձանագրութիւններու ստորագրութենէն ետք ինչպէս հայկական, այնպէս ալ թրքական կողմը ստիպուած եղան դիմակայել որոշ դժուարութիւններ, ան նշած է, թէ Թուրքիոյ մէջ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ու կիպրական հիմնախնդիրի հարցին մէջ տասնամեակներէ ի վեր կացութիւնը չէ փոխուած. բան մը, զոր իրենք հիմա կը փորձեն փոխել։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը, նշելէ ետք, թէ հայ եւ թուրք ժողովուրդները գոյակցած են դարերէ ի վեր, յայտարարած է, որ իրենք չեն ըսեր, թէ երկու ազգերուն միջեւ որեւէ խնդիր չկայ։ «Այս երկու ազգերը գոյակցելու սկսած են 4րդ դարէն ի վեր։ Այս երկու ազգերուն միջեւ ցեղային խտրականութիւնը չէք կրնար տեսնել։ Որեւէ թրքական քաղաքի մէջ հայկական կեթոներ չէք կրնար տեսնել», ըսած է Տաւութօղլու։
Ընդգծելով, որ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերուն վիճակը ոչ մէկ ձեւով կը նմանի Եւրոպայի մէջ բնակող հրեաներու վիճակին՝ ան աւելցուցած է, թէ «Նախ եւ առաջ, հայերը մեր դրկիցներն են»։
Անդրադառնալով Հայկական Ցեղասպանութեան, եւ զայն կոչելով պարզապէս «ողբերգութիւն»՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է. «Այո, մենք ցաւ ապրած ենք եւ պատրաստ ենք կիսելու այդ ցաւը։ Սակայն, եթէ ոմանք մեզ կը մեղադրեն ցեղասպանութիւն կատարելու եւ հարիւր տարի շարունակ զայն ուրանալու յանցանքով, ապա թոյլ տուէք հարցնել՝ ի՞նչ տեղի ունեցած է այդ տարիներուն Կովկասի եւ Պալքաններու մէջ ապրող թուրքերուն։ Ինչո՞ւ Թուրքիոյ մէջ կան պոսնիացիներ, վրացիներ, ալպանացիներ, եւ անոնք աւելի շատ են հոն, քան իրենց երկրին մէջ։ Որովհետեւ անոնք եւս նոյն բաները ապրելու պատճառով ստիպուած եղած են Թուրքիա գաղթել։ Բայց մենք Պալքանեան ազգերը չենք մեղադրեր. մենք այսօր Ռուսիան չենք մեղադրեր աբխազներու, չեչեններու դէմ ճնշումներ գործադրելուն համար։ Մեսխեթցի թուրքերը Ստալինի ժամանակաշրջանին աքսորուած են իրենց հայրենիքէն։ Սակայն մենք ռուսերը ցեղասպանութեամբ չենք մեղադրեր, որովհետեւ այդ բոլորը արդէն անցեալին մէջ է, եւ մենք այսօր պատրաստ ենք ցաւը կիսելու»։
Նշելէ ետք, որ իրենք հայերու հետ պատրաստ են քննարկելու «1915ի իրադարձութիւնները», Տաւութօղլու ըսած է. «Մի պատմէք միայն այդ իրադարձութեան մէկ կողմին պատմութիւնը։ Լսեցէք երկու կողմին պատմութիւնները։ Սակայն դռներ մի փակէք, մի մեղադրէք եւ միեւնոյն ժամանակ լսեցէք»։
Խօսելով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մասին՝ Տաւութօղլու յայտնած է, որ Հայաստան կը շարունակէ աղքատանալ, աւելցնելով, որ իրենք կ՛ուզեն հայերուն հետ աշխատիլ։ Ան ըսած է, թէ Անգարա կ՛ուզէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները վերականգնել, այնպէս, ինչպէս ատիկա տեղի ունեցաւ Սուրիոյ պարագային: Ըստ անոր, Պաղ պատերազմի տարիներուն թուրք-սուրիական յարաբերութիւնները աւելի վատ վիճակի մէջ էին, քան այսօրուն հայ-թրքական յարաբերութիւնները։
Նշելով, որ նոր Կովկասի ձեւաւորում ու յարաբերութիւններու կարգաւորում հնարաւոր է միայն փոխադարձ յարգանքի եւ փոխըմբռնման մթնոլորտի մէջ՝ Տաւութօղլուն կարեւոր նկատած է հայ-ատրպեճանական յարաբերութիւններուն կարգաւորումը։ «Բոլորը պէտք է յարգանք ցուցաբերեն իրարու տարածքներուն նկատմամբ։ Հարկ է, որ կարգաւորուին նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները։ Հակառակ պարագային՝ լիարժէք համագործակցութիւն կարելի չէ», ըսած է ան։
Ընդգծելով, որ իր երազներէն մէկն է՝ օր մը ինքնաշարժով Կարսէն Երեւան, իսկ այդտեղէն ալ Պաքու հասնիլ՝ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ Անգարան Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ «զերօ խնդիր» կը ցանկայ։ «Եթէ Հայաստանը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն կ՛ուզէ, պէտք է հաշտուի Ատրպէյճանի հետ, պէտք է դուրս գայ Ատրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներէն», յայտնած է Տաւութօղլու։