
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հաւանաբար Աղթամարի արարողութեան դէմ հակազդեցութիւն մըն է այն որոշումը, ըստ որուն, Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պետ Տեւլեթ Պահչելի, կուսակցական նահանգային 40 նախագահներու ընկերակցութեամբ, Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 1ին Կարս պիտի երթայ ու ապա Անիի աւերակներուն մէջ նամազի աղօթք պիտի ընէ։ Այս կերպով, Պահչելի առաջին քայլը առած պիտի ըլլայ ընտրարշաւի գետնին վրայ։
Հոկտեմբեր 1ը Ազգային խորհրդարանի բացման թուականն է, բայց այս տարի, Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը բացման ներկայ պիտի չըլլայ։ Պահչելի ու իր կուսակիցները Անիի աւերակներու «Ֆեթհիյէ» մզկիթին վերածուած հայկական Մայր տաճարին մէջ նամազի աղօթք պիտի մատուցանեն։
Կուսակցութեան անդամ Օքթայ Աքթաշ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ, որ Կարս երթալու ու հոն նամազի աղօթք ընելու պատճառն այն է, որ 1064 թուականին սուլթան Ալփասլան առաջին անգամ Կարսէն է, որ Անատոլու մուտք գործած է, ու սկսած է Անատոլուն գրաւելու։ Ալփասլան վար առած է Մայր եկեղեցիին խաչը ու հոն մատուցած է առաջին Ուրբաթի նամազը։ «Մեր կուսակցապետին հոս գալ ու նամազ մատուցանելը պատգամ մը պիտի ըլլայ բովանդակ աշխարհին համար», ըսաւ Աքթաշ։
Սակայն, Թուրքիոյ մշակոյթի նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայ ազդարարեց, որ սահմանադրութիւնը եւ յատկապէս քաղաքական կուսակցութեանց վերաբերող անոր հատուածները արտօնութիւն չեն տար, որ որեւէ կուսակցութիւն կրօնական շահագործումի առարկայ դարձնէ քաղաքական հարցերը։ «Պաշտամունք ընելու անհատական իրաւունքի նկատմամբ յարգանք կը զգամ», ըսաւ Կիւնայ՝ զգուշաւոր ոճով, աւելցնելով սակայն, որ հաւաքական պաշտամունքը կրնայ այլ մեկնաբանութիւններու առաջնորդել: