ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլեան բնակեցման ապօրինի աշխատանքներու տասը ամսուան սառեցման ժամկէտի աւարտէն ժամեր ետք, իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 27ին հաղորդեց, որ գրաւեալ Արեւմտեան ափի տարբեր շրջաններու մէջ աշխատանքները վերսկսած են կամ սկսելու վրայ են։
Մինչ Եւրոպական Միութիւնը ցաւ յայտնեց բնակեցման աշխատանքներու վերսկսման համար, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Փարիզի մէջ, Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «բանակցութիւնները դիւրացնելու համար բնակեցումը պէտք է 3 կամ 4 ամիսով դադրի», աւելցնելով, որ «բնակեցման վերսկսման նկատմամբ արագ հակազդեցութիւն մը պիտի չունենանք: Մենք, մանրակրկիտ քննարկումէ ետք եւ յառաջիկայ Հոկտեմաբեր 4ին, պաղեստինեան հարցով արաբական յանձնախումբի ժողովէն բխած եզրակացութեան հիման վրայ, վերջնական որոշում պիտի տանք»։
Պաղեստինեան «Ֆաթհ» շարժումի կեդրոնական կոմիտէի անդամ Նապիլ Շաաթ իր կարգին յայտարարեց, որ Ապպաս Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւնները շարունակելու շուրջ իր որոշումը պիտի առնէ Ռամալլա վերադառնալէ ետք։ «Մեր կեցուածքը պիտի ճշդուի երկու օրէն, որովհետեւ Ապպաս «Ֆաթհ» շարժումի կեդրոնական կոմիտէի եւ ՊԱԿի ժողով մը պիտի հրաւիրէ։ Այդ ատեն բնակեցման վայրերու շուրջ բոլոր տեղեկութիւնները անոր ձեռքը պիտի ըլլան, եւ անոնց հիմամբ յստակ կեցուածք մը պիտի ճշդենք։ Բանակցութիւնները կարելի չէ շարունակել մինչ բնակեցումը կը շարունակուի», ըսաւ ան։
Շաաթ յիշեցուց, որ բանակցութեանց հարցով արաբական յանձնախումբը ճշդած էր կեցուածք մը, ըստ որուն, բնակեցման դադրեցումը բանակցութեանց նախապայման մըն է։