ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ 53րդ տարեկան պազար-տօնավաճառը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 10էն մինչեւ Կիրակի Սեպտեմբեր 12 երկարաձգուող շաբաթավերջին, «Խաչատուրեան» համալիրին մէջ: Տօնավաճառը անցաւ բացառիկ յաջողութեամբ. պատրաստուած հայկական ու միջին արեւելեան համադամ ճաշերը, անուշեղէններն ու խմորեղէնը մեծապէս գնահատուեցան հայ եւ օտար այցելուներու կողմէ:
53 տարիներ առաջ փոքր տարողութեամբ սկսած ու շարունակականութիւնը պահած, տարուէ տարի ընդլայնացած ու բարգաւաճած սոյն տօնավաճառը, կարելի է համարել գաղութի յաջողագոյն ու ամէնէն եկամտաբեր ձեռնարկներէն մին, առանց մոռնալու անոր հայադրոշմ նկարագիրը ու նպատակը՝ այս բազմամշակոյթ քաղաքին ու շրջապատին մէջ տարածել հայ մշակոյթն ու աւանդութիւնները, սկսեալ բծախնդրօրէն պատրաստուած ու մատուցուած ուտեստեղէններու որակէն ու տեսակներէն, հասնելով մինչեւ հայ երգն ու երաժշտութիւնը, հայկական պարերու ծանօթացումն ու տարածումը օտար ժողովուրդներու:
Այս առիթով հարցազրոյց մը ունեցանք Ս. Գրիգոր Լուս. եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Վարանդ Գասպարեանի հետ, յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- 53 տարիներ առաջ որո՞նք գաղափարը յղացած էին սկսելու պազար-տօնավաճառը:
ՎԱՐԱՆԴ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ.- Տօնավաճառի գաղափարը յղացած էր 1957ի տարեշրջանի եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը. անոր անդամները նշանակած էին յանձնախումբ մը՝ օրուան հոգաբարձուներէն կազմուած, ատենապետութեամբ՝ Սարգիս Սարգիսեանի: Այս յանձնախումբը կազմակերպեց եկեղեցւոյ առաջին պազարը, այժմու եկեղեցւոյ վայրը՝ 51 Commonwealth Ave., որ նախապէս եղած է կողքի շէնքին պարտէզը: Տարիներու ընթացքին, երբ պազարին ծաւալը հետզհետէ սկսած է աւելի մեծնալու, այդ օրերու հոգաբարձութիւնները ստիպուած եղած են աւելի մեծ վայրեր որոնել եւ պազարը հոն փոխադրել: Վերջապէս, 30 տարիներ առաջ, երբ ունեցանք մեր Հայ կեդրոնը, դպրոցն ու «Սարոյեան» սրահը, վարձքի մեծ ծախսերը խնայելու ու լաւագոյնս օգտագործելու համար «Խաչատուրեան» համալիրի յարմարութիւնները, պազարը փոխադրուեցաւ «Սարոյեան» սրահ: Կարճ ժամանակ մը ետք ստիպուած եղանք կեդրոնի կանգառը վրանով ծածկել ու այդ տարածքն ալ օգտագործել՝ աւելի ճոխացնելով պազարը մանուկներու յատուկ զուարճանքի խաղավայրերով, միութիւններու ու անհատներու տրամադրուած կր-պակներով:
Ն. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ի՞նչ եղած է գլխաւոր նպատակը այս մեծածաւալ պազարի գործունէութեան:
Վ. ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ.- Առաջին պազարին նպատակը եղած է դրամ գոյացնել՝ եկեղեցիին շէնքը կառուցելու համար: 1957ի առաջին պազարին ապահովուած է 3000 տոլար, որ մեծ գումար եղած է այդ օրերուն: Քաջալերուած արդիւնքէն՝ յաջորդող հոգաբարձութիւնները թափ տուած են այս հասութաբեր ձեռնարկին, եւ ծաւալը մեծցնելով՝ աւելցուցած են նաեւ հասոյթը: Տարիներու ընթացքին նաեւ զարգացած է այն գաղափարը թէ, փոխանակ կեդրոնանալու միայն հայկական ճաշեր վաճառելու գործին վրայ, լաւագոյն ձեւով փորձենք նաեւ ներկայացնել մեր հայ մշակոյթը: Այդ իսկ պատճառաւ, մեր տօնավաճառներուն միշտ կը հրաւիրենք թէ՛ շրջանէն եւ թէ՛ դուրսէն հայկական պարախումբեր ու երգիչներ, որոնք կը ճոխացնեն պազարը, կը տարածեն ու կը ծանօթացնեն մեր երգն ու պարը օտար այցելուներուն:
Ն. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Որքա՞ն ժողովուրդ, այցելու կ՛ակնկալէք 3 օրերու ընթացքին, եւ ի՞նչ են օտարազգի այցելուներուն հետաքրքրութիւնները պազարին նկատմամբ:
Վ. ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ.- Վերջին քանի մը տարիներուն, մինչեւ 5000 այցելու ունեցած ենք պազարի 3 օրերուն ընթացքին: Ներկաներէն զգալի մասը օտարներ են, որոնք ընդառաջելով մեր ծանուցումներուն եւ Սան Ֆրանսիսքոյի շուրջ տարածուող մեր յայտարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ հիմնուելով նախորդ տարիներու լաւ փորձառութեան վրայ՝ ներկայ կը գտնուին մեր պազարին: Առանց բացառութեան, բոլորն ալ կը զարմանան ու կը հիանան մեր կամաւոր աշխատողներու նուիրումին ու զոհողութեան ոգիին վրայ: Անցեալ տարի օտար կին մը հարց տուաւ, թէ ուրկէ՞ կը բերենք մեր ծախած ճաշերը. ես զինք տարի խոհանոց եւ ցոյց տուի մեր Տիկնանց միութեան ժրաջան ու տաղանդաշատ անդամուհիները ու այլ կամաւորներ, որոնք տարբեր ճաշատեսակներ կը պատրաստէին: Օտարուհին ուղղակի հիացաւ եւ զարմացաւ, որ այսքան կամաւորներ կ՛աշխատին խոհանոցին մէջ՝ ճաշեր հասցնելու համար սրահին մէջ ընթրողներուն:
Ն. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս կը ղեկավարէք այս ընդարձակ ու բազմաճիւղ աշխատանքները:
Վ. ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ.- Ճիշդը ըսած, ես կամ հոգաբարձուները առանձին վարկ չենք կրնար առնել այս տօնավաճառի յաջողութեան համար: Բախտաւոր ենք, որ մեր գաղութէն ներս ունինք նուիրեալ ու փորձառու շատ անձեր, որոնք իրենց հանգիստը, գործը, տունն ու տեղը զոհած են այս պազարին յաջողութիւնը ապահովելու համար: Գործը յանձնուած է 3 ատենապետներու, որոնք, իրենց կարգին, գործը բաժնած են զանազան մասերու, նայած ենթականերու մասնագիտութեան: Տարիներու փորձառութիւնը բոլորին վերածած է մէյմէկ մասնագէտներու: Այնպէս որ այս ծանր ու դժուարին գործը ամէն տարի ալ յաջողութեամբ կը պսակենք:
Ն. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Որքանո՞վ է եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան մասնակցութիւնը այս ծանր աշխատանքին:
Վ. ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ.- Բոլոր պազարներն ալ անկարելի են իրականացնել առանց կամաւորներու: Մեծ շահ կ՛ապահովենք, որովհետեւ աշխատավարձք չունինք: Բոլորն ալ կամաւոր կ՛աշխատին՝ յանուն գաղութին վերելքին: Իսկ Տիկնանց միութեան անդամուհիները եթէ չըլլան, անկարելի կ՛ըլլայ այս ծաւալով յաջողութիւն ապահովել, որովհետեւ անոնք միայն պազարի 3 օրերը չէ որ կ՛աշխատին, այլ ամիսներ առաջ նախապատրաստական աշխատանքներու կը սկսի՛ն՝ շարունակելով մինչեւ պազարին վերջին ժամը: Անոնք, տեսնելով տօնավաճառին տարուէ տարի աճող նորանոր յաջողութիւնները՝ աւելի մեծ կորովով առաջ կը տանին աշխատանքը ու նորոգուած ոգեւորութեամբ, ամէն տարի նոր թափով կը սկսին աշխատանքի: Այս առիթը օգտագործելով, Ս. Գրիգոր Լուս. եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անունով, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլորին ու կ՛ըսե՛մ՝ վարձքը կատար բոլոր աշխատողներուն: