
ԷՋՄԻԱԾԻՆ, «Նիուզ».- Գերագոյն Հոգեւոր խորհուրդը՝ Գարեգին Բ. ամենայն հայոց կաթողիկոսի նախագահութեամբ, կը դատապարտէ Քուրանը այրելու դէպքերը եւ այդ մասին կատարուած յայտարարութիւնները:
Ըստ Ս. Էջմիածնի տեղեկատուական կեդրոնին՝ միջկրօնական ու միջեկեղեցական երկխօսութիւններու ջատագով ըլլալով՝ Հայոց եկեղեցին մշտապէս յարգանքով կը վերաբերի իւրաքանչիւր ժողովուրդի կրօնական զգացումներուն եւ արժէքներուն։
Նշենք, որ ի նշան ահաբեկչութիւններու դէմ բողոքի՝ ամերիկացի երկու քահանաներ Սեպտեմբեր 11ին այրած են երեք Քուրան, որուն փոխարէն, սակայն, ԱՄՆի մէջ տպուած է 3 միլիոն օրինակ: