Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Թատրոնը բազմարուեստ կալուած է. բեմական իրագործում մը կը կարօտի մեծ ճիգի եւ հետեւողական, անընդմէջ աշխատանքի. իսկ երբ խօսքը վերաբերի հայկական թատերական գործի մը իրագործման, դժուարութիւնները կը բազմապատկուին, որովհետեւ չունինք արհեստավարժ թատրոն. գործի մը սիրողական ուժերով մարմնաւորումը, որքան ալ շնորհալիներու համախմբումով ըլլայ անիկա… Պատմութեան մնացեալ բաժինը ծանօթ է։
Բարեբախտաբար կան քանի մը «խենթ»եր՝ բեմադրիչ ու դերասան, ու անոնց զօրակցող միութիւններ, որոնց շնորհիւ, տարին մէկ-երկու գործ բեմ կը հանուի, հազուադէպօրէն՝ մէկէ աւելի ներկայացումի համար։ Ուշագրաւ է, որ Փասատինան վարկ շահած է թատերական գործերու պատրաստութեան-ներկայացման առումով, թէեւ այլ օճախներու մէջ ալ այս կալուածը չ՛արհամարհուիր ըստ ամենայնի։
Այս առումով, նորագոյն վկայութիւնը եղաւ «Համազգային»ի Փասատինային «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղի նախաձեռնութիւնը, որուն շնորհիւ բեմ ելաւ «Հայ ըլլար, չէ՞ր ըլլար…» կատակերգութիւնը։ Մասնաճիւղի վարչութիւնը այս նպատակով իր «Լեւոն Շանթ» թատերախումբին հետ գործակցութեան հրաւիրած էր ծանօթ բեմադրիչ Զօհրապ Եագուպեանը, որ Կիրակի, Սեպտեմբեր 12ին, Կլենտէյլի «Փալատիօ» սրահին մէջ իրականացուց յիշեալ գործին առաջին բեմադրութիւնը՝ արժանանալով ներկաներուն ծիծաղուն գնահատանքին։
Ձեռնարկին յաջողութեան նպաստեց կազմակերպման բնոյթը՝ «կալա» ընթրիքով։ Հանդիսականները նախ գոհացում տուին… ստամոքսին, ապա փոխադրուեցան կատակերգական մթնոլորտ։
Պէտք է ըսել, որ Զօհրապ Եագուպեան բծախնդիր աշխատանք տարած էր այս գործը բեմ հանելու համար։ Ան դեր չէր վերցուցած թատերակին մէջ, այլ վստահած էր խումբ մը երիտասարդ եւ փորձառու դերակատարներու, որոնք մօտաւորապէս երկու ժամ հաճելի մթնոլորտի մէջ, ծիծաղով ու խնդուքով վարակեցին հանդիսականները։
Նկատի ունենալով, որ կը ծրագրուի մօտիկ ապագային նաեւ այլ սրահներու մէջ բեմ հանել այս կատակերգութիւնը, այս տողերով միայն հակիրճ ակնարկութիւն մը պիտի կատարենք նիւթին. ընդհանուր գիծերու մէջ, կ՛արծարծուին աւանդապահ հայ ընտանիքի մը դիմագրաւած հարցերը՝ երիտասարդներու արեւմտեան միջավայրին յարելուն հետեւանքով։ Պատկերացուցէք, թէ ինչպիսի՞ կացութիւններ կրնան ստեղծուիլ, եթէ հայկականութիւնը նախապատիւ համարող ընտանիքի մը երիտասարդ դուստրը Ամերիկա հասնի, ծնողքէն գաղտնի պայմաններու մէջ ամուսնանայ ոչ-հայու մը հետ ու քանի մը ամիս ետք, օր մըն ալ գտնուի ծնողները հիւրընկալելու անակնկալին առջեւ։ Եւ սա միայն սկիզբն է այն ծիծաղաշարժ ու քիչ մըն ալ անձկութիւն պատճառող դիպաշարին, որ ծալք առ ծալք պիտի բացուի նոր անակնկալներով եւ բարենպատակ խարդախութիւններով (խարդախութիւնը բարի նպատա՞կ ալ կ՛ունենայ եղեր…)։
Թատերակը ունէր ընդամէնը եօթը տիպար, զորս մարմնաւորեցին Մեխակ Եագուպեան (մօր՝ Լիզի դերով), Յակոբ Տապպաղեան (Գէորգի ՝ հօր դերով), Նազարէթ Քիւրտօղլեան (Գէորգի հաճոյասէր եղբօր դերով), Նայիրի Պէլեան-Մարգարեան (Գէորգի ու Լիզի դստեր դերով), Վաչէ Մարգարեան (Գէորգի գործակատար Յակոբի դերով), Բեկի Ճինպաշեան (Ճիւլիի ընկերուհիին դերով) եւ Տենի Քէշիշեան (ամերիկացի փեսայի դերով)։ Պէտք է ըսել, թէ նրբերանգային տարբերութեամբ, բոլորն ալ յաջողած էին մտնել իրենց կերպարներուն մէջ, ու խաղարկութեան տուին արագ եւ գործին պահանջած յաջող ընթացքը։ Մեխակ եւ Յակոբ «ամոլը» տիրական կերպով ներկայացուց «դաւադիր» Ճիւլիային ծնողներուն դերը, Յակոբ՝ իբրեւ աւանդապահ հայու իր դիրքէն չզիջող տիպար, իսկ Մեխակ՝ իբրեւ ստեղծուած պայմաններուն յարմարելու պատրաստակամ մայր, որուն համար, սակայն նախընտրելի պիտի ըլլար, որ… ամերիկացի փեսան հայ ըլլար։ Հաճելի, համոզիչ ու վարպետ դերակատարի ներկայութիւն էր նաեւ Վաչէ Մարգարեանը. ան «հագած» էր ինքզինք ապուշ-պարզամիտ-միամիտ մը ձեւացնողի կերպարը, սակայն նաեւ յաջողեցաւ ակնթարթային ոստումով մը փոխադրուիլ բարեմիտ խարդախութիւնը սարքողի տիպարին։ Նմանապէս յաջող էին Նազարէթը, Նայիրին, Սօսին եւ Տենի Քէշիշեանը, որոնցմէ միայն վերջինը կ՛ունենար բեմական իր առաջին մկրտութիւնը, մինչդեռ միւսները ունին բեմական վաստակ։ Անոնք յաջողեցան համոզիչ կերպով քայլ պահել Մեխակի, Յակոբի ու Վաչէի վարպետի դերակատարութեան հետ։
Թատերասէր հանրութեան համար, նման թեթեւ կատակերգութիւններ վստահաբար նախամեծար են հասարակ տեղիք բառամթերքով ու պատկերներով ծանրաբեռնուած անմակարդակ բեմական գործերէ, որոնք կը հրամցուին նաեւ պատկերասփիւռի կայաններէ։ Այս իմաստով ծափահարելի են «Համազգային»ի «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղը, անոր «Լեւոն Շանթ» թատերախումբը, որոնց հետ Զօհրապ Եագուպեանի գործակցութիւնը կ՛արձանագրուի հաճելի նուաճումներու ցուցակին վրայ։
Սպասելի է, որ ամիսներու պատրաստութեան կարօտած գործը չբաւականանայ որբ ներկայացումով մը, այլ կրկնուի եւ հիւրընկալուի մեր շրջանի այլ աւաններուն մէջ, առօրեայի տարատեսակ ճնշումներու մթնոլորտէն պահ մը հեռացնելու համար հանդիսատեսները։
Աւելին, ցանկալի է, որ «ստամոքսի մշակոյթ»ի կողքին, թատրոնի մշակոյթը աւելի լայն տեղ գրաւէ մեր հասարակական կեանքին մէջ, ընդունելով հանդերձ, որ, ինչպէս նշեցինք սկիզբը՝ թատրոնը դժուար իրագործելի կալուած է, ու բեռին ծանրագոյն բաժինը կ՛իյնայ բեմադրիչին ու սիրողական դերակատարներու ուսերուն։