ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ըստ Հայաստանի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Անելկա Գրիգորեանի, թանգարանը այս տարի համալրուած է 1019 նոր ցուցանմուշով: Անոր հաւաստումով, տարուէ տարի կ՛աճի տրամադրուող նմուշներուն թիւը. անոնք յատկապէս հնագիտական պեղումներու արդիւնքով յայտնաբերուած նմուշներ են. կան նաեւ նուիրատուութիւններ եւ թանգարանին կողմէ գնուած իրեր։ Ըստ Ա. Գրիգորեանի, այս տարուան ընթացքին ձեռք բերուած նմուշներուն մէկ տասնեակէն աւելին գնուած է թանգարանին միջոցներով։
Ա. Գրիգորեան յայտնած է նաեւ, որ 2010ին աւելցած է թանգարան այցելողներուն թիւը. Յուլիս-Օգոստոսին արձանագրուած է 8284 այցելութիւն, մինչ 2009ի նոյն ժամանակահատուածին արձանագրուած էր 6656, 2008ին՝ 6315 այցելութիւն: «Այցելուների թուի աճը նախեւառաջ պայմանաւորուած է թանգարանի գործունէութեան ակտիւացմամբ եւ Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկների թուի աճով: Շատ այլցելուներ ենք ունենում Սփիւռքից եւ առհասարակ եւրոպական երկրներից», նշած է ան:
Նշենք, որ թանգարանին մէջ փորձնական շրջան կ՛անցնեն նաեւ Հայաստանի համալսարաններու շարք մը ուսանողներ, սակայն կան դիմումներ այլ երկիրներու ուսանողներու կողմէ նոյնպէս։