Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման միացեալ մարմինը հրապարակած է իր երկրորդ հաղորդագրութիւնը, զոր կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ.
Այսու կը յայտնենք հայ հասարակութեան, որ Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման միացեալ մարմինը կազմակերպած է Սեւրի դաշնագրի 90ամեակին նուիրուած հրապարակային հանդիսութիւն մը, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 2, կէսօրէ ետք ժամը 2:30-5:00, Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ, 222 E. Harvard Street:
Հանդիսութեան խօսք պիտի առնեն՝ Հայ կրթական հիմնարկութեան UCLA-ի արդի հայ պատմութեան ամպիոնի վարիչ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, California Courier շաբաթաթերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան, Տանըլտ Ուիլսըն Պուշ, որ շառաւիղներէն է Սեւրի դաշնագրի ռահվիրա, Միացեալ Նահանգներու 28րդ նախագահ (1913-1921) Վուտրօ Ուիլսընի: Օրուան գլխաւոր բանախօսն է Արա Պապեան՝ Գանատայի Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին դեսպան եւ Modus Vivendi հասարակական-քաղաքական կեդրոնի ղեկավար: Գեղարուեստական յայտագիր: Հանդիսութեան աւարտին՝ հիւրասիրութիւն:
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդը որ խուռներամ իր մասնակցութիւնը բերէ այս խիստ կարեւոր միջոցառման, որու ընթացքին մեր հեղինակաւոր խօսք առնողներն ու գլխաւոր բանախօսը հանգամանօրէն պիտի ներկայացնեն Սեւրի դաշնագիրին թէ՛ պատմական եւ թէ այժմէական կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր պահանջատիրութեան անժամանցելիութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.