ԱԹԷՆՔ.- Աթէնքի հին խորհրդարանի պատմական շէնքէն ներս, անցնող շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ եռօրեայ միջազգային խորհրդաժողով՝ «Երեք ցեղասպանութիւններ, մէկ ռազմավարութիւն» նիւթով, նուիրուած՝ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ հայոց-յունաց-ասորիներու ցեղասպանութիւններու քննարկման: Գիտական-ակադեմական եւ քաղաքական շրջանակներէ բարձր ներկայութիւններով յատկանշուած այս խորհրդաժողովը երկրորդն էր որ տեղի կ՛ունենար, երկու տարի առաջ Գոմոթինիի մէջ իրագործուած նմանօրինակ միջոցառման որպէս շարունակութիւն:
Աթէնքի նահանգապետութեան, ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբի, Զմիւռնիոյ միութիւններու կազմակերպութեան, Յունաստանի համապոնտական միութիւններու, Պոնտոսցի կրթական մշակներու միութեան, Ասորիներու համահելլէնական միութեան համակազմակերպութեամբ տեղի ունեցած միջազգային խորհրդաժողովը, իր վրայ կեդրոնացուց երկրի քաղաքական-ակադեմական շրջանակներու ուշադրութիւնը, որոնք ներկայ գտնուեցան պաշտօնական բացման օրը՝ Ուրբաթ 17 Սեպտեմբերին:
Բացման պաշտօնական նիստին, Ուրբաթ երեկոյեան, ներկայ գտնուեցան Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպան Գագիկ Ղալաչեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Մկրտիչ Մկրտիչեանը, ՀՅԴ Յունաստանի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Վահան Պզտիկեանը, Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեանի ներկայացուցիչ Վարագ Ա. քհնյ. Յովսէփեանը:
Ներկայ էին Կիպրոսի խորհրդարանի նախկին նախագահ Վասոս Լիսարիտիս, Յունաստանի խորհրդարանի նախկին նախագահ Ափոսթոլոս Գաքլամանիս, Աթէնքի նահանգապետ Եանիս Զղուրոս, Շուէտի խորհրդարանի երեսփոխան Նիքոս Փափատոփուլոս, Նոր Հանրապետութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Անտոնիս Սամարասի ներկայացուցիչ երեսփոխան Էւղենիա Ցումանի, Ժողովրդային ձախ կուսակցութեան առաջնորդ Ֆոթիս Քուվելիսի ներկայացուցիչ Թանասիս Լեվենտիս, Յունաստանի արդարադատութեան նախարար Խարիս Քասթանիտիսի ներկայացուցիչ Գոսթաս Սավիտիս, երեսփոխաններ Զիսիս Ծիկալայաս, Ատոնիս Եորղիատիս, Փանաեոթիս Քրիթիքոս, Աթէնքի նահանգապետութեան խորհուրդի նախագահ Ղրիղորիս Ֆելոնիս, Ախարնէսի քաղաքապետ Փանաեոթիս Ֆոթիատիս, Նիքէայի քաղաքապետ Սթելիոս Պենեթաթոս, յոյն բանասէրներու միութեան նախագահ Սթեֆոս Անասթասիոս, Պոնտոսցիներու համաշխարհային միութեան ընդհանուր քարտուղար Թէոտորոս Սթոլթիտիս, կիպրացիներու միութեան ներկայացուցիչ Միլիարաքիս, յունական սփիւռքի ընդհանուր քարտուղարութեան Եւրոպայի տնօրէնուհի Էվա Փափատաթու, Պոնտական հետազօտութիւններու կեդրոնի նախագահ Խրիսթոս Ղալանիտիս, Կրետացիներու համահելլէնական միութեան նախագահ Մանոլիս Փաթերաքիս, «Կիպրոս 1974ի վեթերաններ» միութեան նախագահ Նիքոլաոս Արղիրոփուլոս, Կիպրոսի կորուսեալներու ընտանիքներու իրաւանց պաշտպան Մարիա Քուրուփի, Իպիրոսի միութիւններու նախագահ Գոսթաս Ալեքսիու:
Երեք օրուան նիստերուն ընթացքին խօսք առնելու հրաւիրուած էին Փարիզի համալսարանի պատմագէտ Իոանիս Անտոնոփուլոս, ընկերաբանութեան փրոֆէսէօր Ժոզէֆ Զայա, պատմագէտ Աթանասիոս Քարաթանասիս, թուրք գրագէտ Սայիտ Չեթինօղլու, իրաւաբան Խարա Ղալանու, հրատարակիչ, գրագէտ Ռակըպ Զարագօլու, փրոֆէսէօր Խարիս Ցիրքինիտիս, Տիմոքրիթիօ համալսարանի ընկերաբանութեան դասախօս Ֆանիս Մալքիտիս, Փանտիօ համալսարանի դասախօս Մարիոս Էվրիվիատիս, փրոֆ. Նէոքլիս Սարիս, գրագէտ Թիա Հալոու, Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետուհի Հիլտա Չոպոյեան, քաղաքական գիտութիւններու փրոֆէսէօր Միխալիս Խարալամպիտիս, ասորի գրագէտ Մաշուր Կիուարտիս, Շուէտի խորհրդարանի երեսփոխան Նիք Փափատոփուլոս, Երուսաղէմի Հոլոքոսթի ինսթիթութի տնօրէն փրոֆ. Իսրայէլ Չարնի:
Խորհրդաժողովի հրաւիրեալ զեկուցաբերներու կարգին էր Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետուհի Հիլտա Չոպոյեան, որ իր խօսքին մէջ կեդրոնացաւ Եւրոպական Միութեան եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցերուն շուրջ:
Կազմակերպիչ կոմիտէի կողմէ խօսք առաւ նախագահ Անտոնիս Փաւլիտիս, որ ողջունեց հրաւիրեալ անձնաւորութիւններու ներկայութիւնը: Ան մեծապէս կարեւորեց միացեալ ջանքերով այսպիսի աշխատանքներ յաջողցնելու իրողութիւնը: Դիտել տուաւ թէ եռօրեայ խորհրդաժողովի գումարումը կ՛ողջունեն շատ մեծ թիւով յոյն քաղաքական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ աշխատաւորական համահելլէնական սենտիքան ու հայրենակցական բազմաթիւ միութիւններ, ինչ որ ցոյց կու տայ թէ պոնտոսցիներու կամ ասորիներու կամ հայերու հարց չէ միայն ցեղասպանութեանց ճանաչման անհրաժեշտութեան հարցը, այլ մարդկային իրաւանց յարգումի՝ համաշխարհային նշանակութիւն ունեցող հարց:
Պրն. Փաւլիտիս ըսաւ թէ կազմակերպիչ կոմիտէի նպատակն է երկու տարին անգամ մը իրագործել միջազգային այսպիսի իրադարձութիւն, իսկ երրորդ համաժողովը արդէն ծրագրուած է իրականացնել 2012ին Շուէտի մէջ, յարգելով այս տարուայ Մայիսին Շուէտի խորհրդարանի երեք ցեղասպանութիւններու ճանաչման նախաձեռնութիւնը:
Յաջորդաբար խօսք առին կազմակերպիչ կոմիտէի անդամները, որոնց կարգին Յունաստանի Համապոնտական միութեան նախագահ Եանիս Սավիտիս, ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Գասպար Կարապետեան, Ասորիներու միութեան նախագահ Քիրիաքոս Պացարաս, Զմիւռնիոյ յոյներու միութեան նախագահ, զօրավար Էվանկելոս Ցիրքաս:
Առաջին նիստի բացումը կատարեց կազմակերպիչ կոմիտէի նախագահ Անտոնիս Փաւլիտիս:
Պէտք է նշել, թէ ընդհանրապէս բոլոր խօսողները անխտիր, անդրադարձ կատարեցին հայութեան փորձառութեան, որ իր շարունակական պայքարներուն ընդմէջէն յաջողեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը հասցնել բարձրագոյն մակարդակի:
Ասորիներու միութեան նախագահ Քիրիաքոս Պացարաս խօսք առնելով բացատրութիւններ տուաւ ասորիներու պատմութեան մասին, նշելով թէ իր ազգը հնամեայ գոյութիւն ունի:
Տիգրիս եւ Եփրատ գետերու միջեւ 6760 տարիներ առաջ ծնունդ առած ասորիները, միշտ պայքար մղած են իրենց ինքնուրոյն ազգութիւնը փաստելու համար: Յաճախ անոնք կը ներկայացուին որպէս սուրիացի:
Ասորիներու հնամեայ պետութիւնը այսօրուան Իրաքի տարածքին կը գտնուէր (մայրաքաղաք Նինուէ): 20րդ դարու սկիզբին հոն կը բնակէին 4-5 միլիոն ասորիներ:
Պրն. Պացարաս դիտել տուաւ, թէ Յունաստանի մէջ ասորիները կայք հաստատեցին 1922ին, Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած ջարդերէն ետք գաղթական հասնելով Յունաստան: 1915ին 500.000 ասորիներ ջարդուեցան Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ. անոնց հալածանքը շարունակուեցաւ հիւսիսային Իրաքի մէջ: Պրն. Պացարաս մեծապէս գնահատեց Յունաստանի պետութիւնը, որ ապաստան տուաւ գաղթականութեան ալիքին:
Յունաստանի մէջ ասորիներու միութիւնը հիմնադրուեցաւ Մոսխաթոյի մէջ 1926ին, նպատակ ունենալով պաշտպանել լեզու եւ մշակոյթ: Միութիւնը ճանչցուած է յունական պետութեան կողմէ եւ ներկայիս կը գործէ Էղալէոյի շըրջանէն ներս:
Պրն. Պացարաս աւելցուց թէ ասորական գանձեր տարածուած կը մնան աշխարհի տարբեր ցամաքամասերու թանգարաններու մէջ, բայց պետութիւն չկայ որպէսզի պահանջուի անոնց վերադարձը:
Յաջորդաբար խօսք առաւ Զմիւռնիոյ յոյներու միութեան նախագահ, զօրավար Է. Ցիրքաս, որ ներկաներուն խօսեցաւ իրենց կողմէ առնուած նախաձեռնութեան մը մասին, ըստ որու ջանք կը տարուի կառուցել Փոքր Ասիոյ գաղթականներուն նուիրուած թանգարան մը, յուշերը կենդանի պահելու եւ պատմական վկայութիւններ ու փաստաթուղթեր հոն տեղադրելու նպատակով:
Յաջորդաբար խօսք առին երկու հրաւիրեալ անձնաւորութիւնները՝ Յունաստանի եւ Կիպրոսի խորհրդարաններու նախկին նախագահ Ափոսթոլոս Գաքլամանիս եւ Վասոս Լիսարիտիս:
Մարդկային իրաւանց ջատագով եւ անզուսպ պայքարող մտաւորական դէմք՝ Վասոս Լիսարիտիս քաղաքական պատգամներով եւ բանաստեղծական ոճով իր խօսքով ներկաներու ուշադրութիւնը գրաւեց: Թուրքիոյ հասցէին բուռն քննադատական ոճ օգտագործելով ան դիտել տուաւ, թէ ազգերու միջեւ բարեկամութիւնը երբեք կարելի չէ միակողմանի ըլլայ, քանի որ այդ պարագային բարեկամութիւն չէ, այլ ստրկութիւն:
Ծերունազարդ քաղաքագէտը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, թէ «եթէ ազգայնականութիւն կը նշանակէ պահպանել քու ազգի ինքնութիւնը եւ յարգել այլ ազգերու նոյն իրաւունքը, այն ժամանակ կը յայտարարեմ, թէ անսրբագրելի ազգայնական մըն եմ»: Ապա աւելցուց. «ինծի հարց կու տան. ինչո՞ւ կը շարունակես պայքարիլ 90 տարեկանիդ, քանի որ պայքարը կորսընցուցած է իր իմաստը. ես կը պատասխանեմ. եթէ դադրիմ պայքարելէ՝ ուրիշ կռիւ տեղի պիտի չունենայ»:
Խորհրդաժողովի աշխատանքները շարունակուեցան Շաբաթ եւ Կիրակի 18-19 Սեպտեմբերին, բազմանիւթ զեկուցումներով եւ քննարկումներով: Շաբաթ գիշեր տեղի ունեցաւ Հիլտա Չոպոյեանի զեկոյցը:
Բոլոր զեկուցաբերները նշեցին Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման հարցերը միացեալ ուժերով յառաջ տանելու անհրաժեշտութիւնը: Իրար ծանօթանալու եւ իւրաքանչիւրի փորձառութենէն օգտուելու պարագան նաեւ շեշտուեցաւ, ինչպէս եւ միջազգային գետնի վրայ համագործակցութեան եւ մէկտեղումի կենսական հնարաւորութիւնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.