ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան, Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21ի երեկոյեան պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Կիրակի օր իր ունեցած ապրումներուն արբեցումը չէ կրցած թօթափել իր ուսերէն։ Այնուհետեւ Արամ սրբազան խօսեցաւ եկեղեցւոյ ճարտարապետին եւ օրուան թագաւորին, նաեւ Աղթամարի կաթողիկոսութեան մասին եւ յայտնեց, թէ 1915էն ետք առաջին անգամն է, որ արարողութիւն կը կատարուի եկեղեցիին մէջ։ Յետոյ, պատասխանելով ուղղուած հարցումներուն՝ խօսեցաւ քրիստոնէական հաւատքին մէջ զանգակատան եւ խաչի կարեւորութեան մասին: Ան ըսաւ, որ հիասթափութեան չէ մատնուած այս ուխտագնացութեան կապակցութեամբ, եւ հազարաւոր հայեր աշխարհի չորս ծագերէն մասնակցած են անոր:
Ան յայտնեց, որ թերեւս իշխանութիւնները որոշ պատճառ մը ունէին եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ խաչը չտեղադրելու համար, բայց անոնք խոստացած են կարճ ժամանակի ընթացքին խաչը տեղադրել եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ։ «Այսուհետեւ, պատկան իշխանութիւնները թերեւս արտօնութիւն պիտի տան, որ այս եկեղեցիին մէջ մկրտութիւններ, հարսանիքներ տեղի ունենան։ Ի՞նչ վնաս ունին այսպիսի ուխտագնացութիւնները», ըսաւ ան։
Իսկ երբ թղթակիցը հարց տուաւ, թէ ի՞նչ կը մտածէ Էջմիածինի եւ Անթիլիասի կաթողիկոսներուն ու սփիւռքահայութեան կարգ մը շրջանակներու մասին, որոնք «հակաքարոզչութիւններով» չմասնակցեցան այս արարողութեան, Արամ սրբազան պատասխանեց, որ յարգանք ունի բոլորին տեսակէտներուն նկատմամբ, բայց ինք պատասխանատու է միայն պոլսահայ ժողովուրդին ու անոր մասին կրնայ կարծիք յայտնել։
Ան խօսեցաւ նաեւ հայութեան համայնքապատկան կալուածներու նիւթին շուրջ ստեղծուած դժուարութիւններուն մասին եւ յայտնեց, որ այս ուղղութեամբ կարգ մը դրական քայլեր առնուած են, ու կ՛ակնկալէ աւելի վճռական քայլեր։
Պատասխանելով հարցումի մը՝ Արամ սրբազան յայտնեց, որ Անատոլուի զանազան նահանգներէն մարդիկ սկսած են հետաքրքրուելու իրենց ինքնութեամբ. այդ անձերուն թիւը կը հասնի հազարներու։ Անոնք դիմում կը կատարեն պատրիարքարան եւ կը փափաքին, որ իրենց պապերուն ինքնութեան վերադառնան։ Պատրիարքարանը անձնագիրներու տոմարներէն վաւերաթուղթեր կը պահանջէ, եւ եթէ իսկապէս անոնք հայկական ծագում ունին, ապա պատշաճը կը տնօրինէ։ Կան կարգ մը անձեր, որոնք կեղծ արտայայտութիւններ կ՛ունենան, եւ անշուշտ անոնք կը ստանան մերժողական պատասխան։ Հայոց պատրիարքարանը չի զբաղիր միսիոնարական գործունէութեամբ, ուստի խորապէս քննարկութեան կ՛ենթարկէ դիմում կատարող անձերու ներկայացուցած փաստերը։
Չորեքշաբթի օր, «Հիւրրիյէթ» թերթը եւս արձագանգ եղաւ հայկական ծագում ունեցող քրիստոնեաներու մասին լուրի մը: Թերթը կը գրէ, թէ անոնք երկար տարիներ իրենց ինքնութիւնը թաքցնելով՝ ցարդ իբրեւ իսլամ ապրած են, սակայն սկսած են իրենց բուն ինքնութեան վերադառնալու, քրիստոնէութիւնը ընդունելու եւ հայկական անուններ ստանալու։
Այս իրողութեան իբրեւ փաստ, թերթը ցոյց կու տայ Արամ արք. Աթեշեանի քրոջ թոռները, որոնք չորս ամիս առաջ վերադարձած են իրենց պապերու ինքնութեան, իրենց անձնագիրներու կրօնքի բաժինին մէջ արձանագրել տուած են «քրիստոնեայ» բառը եւ պիտի մկրտուին հայկական անուններով։ Քրիստոնէութեան վերադարձած այդ ընտանիքները կը կոչուին Գափլան եւ Պեսքիսիզ ընտանիքներ, որոնց նկարները կ՛երեւին «Հիւրրիյէթ»ի մէջ, Արամ սրբազանի հետ միատեղ։ Թերթը կը գրէ, որ երկար տարիներէ ի վեր իրենց դրացիները այս ընտանիքները կը ճանչնային իբրեւ «մահմետական քիւրտեր»։ Անոնք յայտնած են, թէ իրենց նախկին կրօնքին վերադառնալու համար մեծ քաջութիւն ստացած են Արամ սրբազանէն ու ըսած են, թէ իրենց շրջապատին մէջ կան մեծաթիւ հայեր, որոնք կը թաքցնեն իրենց ինքնութիւնը։ Ճնշումներու ազդեցութեան տակ անոնք ստիպողաբար կրօնափոխ եղած են եւ իրենց բուն ինքնութիւնը իրենց զաւակներէն իսկ գաղտնի պահած են։ Բայց այլեւս վերազարթօնք մը ծայր տուած է եւ այսուհետեւ շատեր պիտի ուզեն իրենց նախկին ինքնութեան վերադառնալ։
Այս մասին խօսած է նաեւ Արամ սրբազանը, որ յայտնած է, թէ Անատոլուի մէջ կ՛ապրին բազմաթիւ հայեր, որոնք չեն համարձակիր յայտնել իրենց բուն ինքնութիւնը։ Սակայն ներկայ ժամանակաշրջանին, երկրին մէջ ժողովրդականութեան ծաւալումին եւ մարդկային իրաւունքներու արմատացման հետ, իրենց նախկին կրօնքին վերադարձողներուն թիւը յաւելում պիտի կրէ։ «Այսօր, Թուրքիոյ չորս ծագերէն երիտասարդներ իրենց արմատները փնտռելու համար մեզի կը դիմեն։ Եթէ մտավախութիւնները փարատին, Անատոլուն գունաւորում պիտի ստանայ, պիտի շէննայ։ Յանկարծ երեւան պիտի ելլէ, որ թուրքեր իրենց կողքին հազարաւոր հայ դրացիներ ունին եղեր», ըսած է Արամ սրբազան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.