ԵՐԵՒԱՆ.- Շուտով կը հրապարակուին Սեպտեմբեր 19ին Շուէտի մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքները: Նախնական տուեալներով, Գեօթեպորկ քաղաքէն Չափաւոր (Moderate) կուսակցութեան թեկնածու, Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ մինչ այդ Շուէտի պատուիրակութեան անդամ, հակահայ կեցուածքով յայտնի պատգամաւոր, ԵԽԽՎ Մոնիտորինկի յանձնաժողովի Հայաստանի հարցով համազեկուցող Գորան Լինդբլադը չէ վերընտրուած: Թէեւ իր ընտրատարածքին մէջ իր կուսակցութեան քուէներու թիւն ու տոկոսը աւելցած են, Լինդբլադ ոչ միայն չէ վերընտրուած, այլ հազիւ ապահոված է երկրորդ փոխանդամ ըլլալու դիրքը. այսինքն՝ վերընտրուելու համար, անհրաժեշտ է, որ իր ընտրատարածքէն ընտրուած իր կուսակիցներէն առնուազն երկուքը հրաժարին:
Գորան Լինդբլադի չվերընտրուելու օգտին յատուկ աշխատանք տարած է Հայ Դատի յանձնախումբը, կապ հաստատելով եւ գործակցելով Գեօթեբորգ քաղաքի տարբեր (ներառեալ Չափաւոր) կուսակցութիւններու եւ համայնքներու հետ: Հայ Դատի յանձնախումբը, հաշուի առնելով Շուէտի ընտրական համակարգի առանձնայատկութիւնները, իր աշխատանքը կեդրոնացուցած է յատկապէս Լինդբլադի չընտրուելու եւ ոչ թէ՝ իր պատկանած կուսակցութեան քուէները պակսեցնելու վրայ:
Միաժամանակ, Հայ Դատի յանձնախումբը աջակցած է Քրիստոնեայ Դեմոկրատ կուսակցութեան պատգամաւոր Աննելի Էնոքսոնի վերընտրութեան, որովհետեւ ան հակառակ իր կուսակցութեան պաշտօնական կեցուածքին, 2010թ. Մարտ 11ին, Շուէտի խորհրդարանին մէջ կողմ քուէարկեց Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին: Նախնական տուեալներով, Էնոքսոն վերընտրուած է:
Հայ Դատի յանձնախումբը գործակցած է նաեւ Սոցիալ դեմոկրատ եւ Ձախ կուսակցութիւններուն պատկանող շարք մը թեկնածուներու ընտրութեան ի նպաստ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.