ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Սեպտեմբեր 16ին ներկայ գտնուած է «Fruit Full Armenia» վեցերորդ համաժողովի բացման։ 2005էն ի վեր Երեւանի մէջ գումարուող ամենամեայ սոյն համաժողովին նպատակն է՝ բացայայտել առեւտրական նախագիծեր ու անոնց զարգացման եւ օժանդակութեան միջոցով՝ նպաստել Հայաստանի մէջ սնունդի վերամշակման շուկաներու ոլորտի զարգացման եւ գիւղական համայնքներու բարգաւաճման:
Ողջունելով համաժողովի մասնակիցները՝ վարչապետը նշած է, որ «Fruit Full Armenia» համաժողովը տարուէ տարի կը դառնայ աւելի հետաքրքրական։ «Այն էապէս նպաստում է գիւղատնտեսութեան ոլորտի զարգացմանը, քանի որ հնարաւորութիւն ենք ունենում համատեղ քննարկել կուտակուած խնդիրները, ինչպէս նաեւ ծանօթանալ լաւագոյն միջազգային փորձին եւ մտքերի փոխանակում կազմակերպել: Արդէն գեղեցիկ աւանդոյթ է ձեւաւորուել, որ նաեւ երիտասարդ հետազօտողների ուշադրութիւնն ենք հրաւիրում գիւղատնտեսութեան զարգացման խնդիրների վրայ: Նրանց հետաքրքրական ու նորոյթ պարունակող առաջարկները կարող են խթանել բարեփոխումները գիւղատնտեսութեան ոլորտում եւ նոր «բիզնես» ծրագրերի ներդրումը, ինչը հնարաւորութիւն է տալիս ագրոֆորումի շրջանակներում համախմբել գիտական-ստեղծագործական ներուժը», նշած է Հայաստանի վարչապետը՝ ներկայացնելով Հայաստանի կառավարութեան հաստատած գիւղատնտեսութեան եւ գիւղական համայնքներու զարգացման ռազմավարական հայեցակարգի հիմնադրոյթները:
Նշենք, որ «Fruit Full Armenia» վեցերորդ միջազգային համաժողովը նուիրուած է Հայաստանի մէջ խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան զարգացման:
Հրաւիրեալներուն մէջ են հեղինակաւոր խաղողագործներ, գինեգործներ, գինեգէտներ ու շուկայագէտներ՝ Ֆրանսայէն, Արժանթինէն, Իտալիայէն, Աւստրիայէն, Աւստրալիայէն եւ այլ երկիրներէ:
Համաժողովին ծիրէն ներս նաեւ տեղի կ՛ունենայ հայկական գինիներու մրցոյթ՝ աշխարհի հանրայայտ գինեգէտներէն Միշէլ Ռոլանի մասնակցութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.