ԼԱՒԱԼ.- Օգոստոս 27ին տեղի ունեցաւ հիմնարկէքի արարողութիւնը Լաւալի ՀՄԸՄի մասնաճիւղին՝ ներկայութեամբ խանդավառ քոյրերու եւ եղբայրներու։
Այնտեղ էին ու իրենց սրտի խօսքը արտասանեցին ՀՄԸՄի կեդրոնական վարչութեան անդամ Արմէն Կէտիկեան, Գանատայի շրջանային վարչութեան ատենապետ Մոսիկ Թօփուզեան, ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մհեր Գարագաշեան, Լաւալի «Ս. Զէյթլեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Զոհրապ Կոստանեան, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄի կեդրոնական թէ շրջանային վարչութիւններու նախկին անդամներ։
Յաջողութեան ու գործակցութեան մաղթանքներով արտայայտուեցաւ նաեւ ՀՄԸՄ «Կամք» Մոնթրէալի մասնաճիւղի անդամ Յակոբ Կուտեան։
Նորակազմ վարչութեան միաձայն ընտրութենէն ետք, Լաւալի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, Հրայր Ա. քհնյ. Նիկոլեան կատարեց ՀՄԸՄի դրօշի օրհնութիւնը, զոր Արմէն Կէտիկեան կեդրոնական վարչութեան անունով փոխանցեց նորընտիր վարչութեան, ապա՝ Մոսիկ Թօփուզեան փոխանցեց ՀՄԸՄի Կանոնագիրը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.