ԺԱՆ ԳՈՍԱԳԵԱՆ

Սիրելի սգակիր հարազատներ եւ ընկերներ,
Այն թանկագին վայրկեաններն են, երբ առյաւէտ հողին պիտի յանձնենք մեր շատ սիրելի ու յարգելի ընկերոջ՝ Արտաշէս Պաղտասարեանին:
Հաւաքուած ենք այն դագաղին շուրջ, ուր կը ննջէ մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ իբրեւ տիպար ընկեր մը ամրագրուած անձի մը անշնչացած մարմինը:
Եկած ենք մեր յարգանքի տուրքը տալու կուսակցական ընկերոջ մը, որուն կեանքը արտացոլացումը եղած է Դաշնակցութեան Սփիւռքեան գործունէութեան:
Յանուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէին, իր պատկանած «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութեան եւ շարքային կուսակցական ընկերներուն, նախ եւ առաջ, մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք մեր հանգուցեալ ընկերոջ՝ Արտաշէս Պաղտասարեանի ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն: Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք նաեւ մեր բոլոր ընկերներուն ու համակիրներուն, որոնք մօտէն ծանօթացած, յարաբերած ու գործակցած են իրեն հետ:
Թարգմանը հանդիսանալով ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կուսակցական շարքերու զգացումներուն՝ կը հաստատենք, որ մեր շրջանը կորսնցուց կուսակցութեան գաղափարական հաւատամքին ու քաղաքական ուղիին հաւատարիմ ու ջատագովը հանդիսացող ուղղամիտ կուսակցական մը, հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարի զինուոր մը:

Իր կուսակցական երթը, սփիռքեան մեր իրականութեան մարմնացումը եղած է: Նախ, Իրանի մէջ շահած է իր կուսակցական փորձառութիւնը եւ կերտած է իր կուսակցական նկարագիրը: Ապա, աշխոյժ գործունէութիւն վարած է Միջին Արեւելքի կուսակցական մեր տարբեր կառոյցներէն ներս:
60ական թուականներուն դերակատար եղած է Քուէյթի գաղութի համայնքային եւ կուսակցական կազմակերպական աշխատանքներուն մէջ:
Փոխադրուելով Միացեալ Նահանգներ՝ 70ական թուականներէն սկսեալ իր մասնակցութիւնը բերած է Լոս Անճելըս շրջանի տարբեր կոմիտէութեանց աշխատանքներուն՝ Մոնթեպելլոյէն մինչեւ Սեն Ֆերնանտօ հովիտ: Ան ստանձնած է կուսակցական զանազան պարտականութիւններ ու պաշտօններ, ընդհուպ մինչեւ կեդրոնական կոմիտէի անդամակցութիւն: Սակայն, կեանքը անխնայ եղած է ընկեր Արտաշէսին եւ իր կնոջ՝ Վանուհիին, որոնք դժբախտութիւնը ունեցած են կորսնցնելու իրենց դուստրը՝ Հուրիկը, իր երիտասարդ տարիքին: Սակայն յաղթահարելով կեանքի դառն իրականութիւնը, եւ իր վճռակամութեան ու բարի տրամադրութեան շնորհիւ, ընկ. Արատաշէս իր զաւակին անունով կնքած է Մոնթեպելլոյի Հայ կեդրոնի սրահը՝ զայն անուանակոչելով «Հուրիկ Պաղտասարեան» սրահ:
Իր կուսակցական լուրջ դիմագիծին կողքին ան օժտուած էր նաեւ ընկերային մտերմիկ բնաւորութեամբ: Բախտաւորութիւնը ունեցած եմ մօտէն ծանօթանալու Արտաշէս Պաղտասարեանին: Ան յաճախակի կերպով կ՛այցելէր «Ասպարէզ»ի խմբագրատուն եւ իրարու հետ կ՛ունենայինք կարճ զրոյցներ թերթի ու շրջանի կուսակցական կեանքին մասին: Անհատի կեանքի ապահովագրութեան գործին մէջ ըլլալով, ան հետաքրքրական բազմաթիւ ծրագիրներ կը մշակէր՝ ապահովագրութեան ներդրումի ճամբով կոկիկ գումար ապահովելու մեր համայնքին ու ազգային հասարակական գործունէութեան:
Ընկեր Արտաշէս Պաղտասարեանը եղաւ իր սերունդի արժանաւոր ներկայացուցիչներէն մէկը, որուն կուսակցական գործունէութեան շատ մը էջեր տակաւին կը մնան ոչ բացայայտ եւ առ այդ՝ իր գործունէութեան արժեւորումը կը մնայ պակասաւոր:
Վստահ ենք, որ ընկեր Արտաշէսին նուիրումը՝ կուսակցութեան ճամբով հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարին, ներշնչումի աղբիւր եւ վառ օրինակ պիտի հանդիսանայ գալիք բոլոր դաշնակցական սերունդներուն:

Հանգիստ ննջէ սիրելի ընկեր, գործդ պիտի շարունակուի հարիւրաւորներու ու հազարաւորներու ճամբով, որոնք արտասանած են եւ տակաւին պիտի արտասանեն քու կատարած միեւնոյն երդումը:
Վերջին անգամ ըլլալով, մեր ցաւակցութիւնները՝ ընտանեկան պարագաներուն՝ կնոջ՝ Վանուհի Պաղտասարեանին, զաւակներուն՝ Գալուստին եւ Այտային: Ինչպէս նաեւ բոլոր հարազատներուն եւ իր գաղափարակից ընկերներուն: