ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան Սեպտեմբեր 11ին ընդունած է «Կարօտ» Հայ մշակոյթի զարգացման հիմնադրամի նախագահ Մեցօ Իգիթեանը, որուն հետ կայացած զրոյցին ընթացքին ան կարեւոր համարած է համահայկական նշանակութիւն ունեցող հանդիսութիւններու կազմակերպումն ու իրականացումը, նշելով, որ անոնք հնարաւորութիւն կու տան համախմբուելու, միասնաբար գործելու եւ հայ մշակոյթը աշխարհին ներկայացնելու իբրեւ աշխարհասփիւռ հայորդիներու կատարած ստեղծագործական աշխատանքերու հանրագումար:
Նախարարը ողջունած է հիմնադրամին այն քայլը, որ 2010 Սեպտեմբեր 2ին՝ Արցախի անկախութեան օրը, Հայաստանի եւ ԼՂՀի մէջ կայացաւ «Կարօտ» համահայկական երրորդ փառատօնը, որուն նպատակն է աշխարհասփիւռ հայութեան մէջ պահպանել ու ամրապնդել հայոց լեզուն եւ հայ մշակոյթը։
Մեցօ Իգիթեան, իր կարգին նշած է, որ փառատօնը կոչ է աշխարհի ողջ հայութեան ո՛չ ըսելու բռնութեան, ռասսայական եւ կրօնական խտրականութիւններուն: Փառատօնը նպատակ ունի նաեւ օտարներուն ներկայացնել եւ ճանաչելի դարձնել հայկական մշակոյթը, հայ արուեստը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.