«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը 70 տարեկան եղաւ: «Ասպարէզ» կը շնորհաւորէ այս նշանակալի տարեդարձը եւ կը մաղթէ, որ պոլսահայութեան եւ անոր ճամբով ամբողջ ազգին կարեւոր ծառայութիւն մատուցող այս հրատարակութիւնը անխափան շարունակէ իր երթը:
«Ասկէ վերջ ալ պիտի շարունակենք…», կը խոստանայ, յանձնառութիւնը կը յայտարարէ «Մարմարա»ի խմբագրութիւնը՝ իր տարեդարձին առթիւ հրապարակած գրութիւնը այդպէս խորագրելով:
Կը մէջբերենք այս գրութենէն բաժին մը.
«Մենք ալ հասկցանք, որ (այս տարեդարձը) միայն մեզի համար չէր որ կարեւոր թուական էր, կարեւոր թուական էր բոլոր անոնց համար, որոնք «Մարմարա»ի իրաւ համակիրներն ու բարեկամներն են։ Իրականութեան մէջ, «Մարմարա»ի համակիր ըլլալ կը նոյնանար հայ գրի ու գրականութեան, հայ մշակութային ապրումի հաւատաւոր համակիրը ըլլալու հետ։ Աշխարհի զանազան կողմերէն ալ հեռաձայնի կոչեր ստացանք։ Լոս Անճելըսէն պատուական գրասէր բարեկամ մը մեզի հետ խօսելու ընթացքին կու լար՝ բաժնելով մեր ուրախութիւններն ու մեր մտահոգութիւնները։ Շնորհակալ ենք բոլորին…
…Քաղաքիս զանազան թաղերէն հաւատարիմ ընթերցողներ հեռաձայնով կապուեցան մեր խմբագիրներուն հետ եւ սրտապնդեցին մեզ մեր ապագայ աշխատանքներուն մէջ։
Սա շրջանին, երբ կը մտածենք, որ համայնքային կեանքը քայքայուած ու, վերէն մինչեւ վար, կազմալուծուած պատկեր կը ներկայացնէ, մեր անհատ ընթերցողներուն կողմէ մեզի նկատմամբ ցուցաբերուած միասնութիւնը մեծ արժէք կը ներկայացնէ։ Գիտակից ենք այդ արժէքին եւ արդէն այդ արժէքին արժանի մնալու համար է, որ ասկէ վերջ եւս պիտի շարունակենք աշխատիլ նոյն հաւատքով ու նոյն բծախնդրութեամբ»։