ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Թուրքիա հրաւիրեց Մեսեչուսեց նահանգի արուեստագիտութեան հիմնարկի տնտեսագիտութեան փրոֆ. Տարօն Աճեմօղլու։
«Միլլիյէթ»ը կը հաղորդէ, թէ նախարար Տաւութօղլու իր հրաւէրը ուղղած է Տարօն Աճեմօղլուի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին։ Հայազգի տնտեսագէտը Թուրքիա հրաւիրուած է ո՛չ միայն ակադեմական հետազօտութիւններ իրականացնելու, այլ նաեւ Թուրքիոյ տնտեսութեան մարզէն ներս կարեւոր դերակատարութիւն ստանձնելու համար։
Տարօն Աճեմօղլու «Միլլիյէթ»ին փոխանցած է, թէ մօտիկ ապագային Թուրքիա պիտի վերադառնայ եւ մօտէն պիտի ծանօթանայ երկրի տնտեսութեան։
Անդրադառնալով համաշխարհային ճգնաժամին ու Թուրքիոյ վրայ անոր ազդեցութեան՝ Աճեմօղլու նշած է, որ Թուրքիոյ տնտեսութեան հիմերը առողջ են, իսկ հիմնական վտանգը՝ քաղաքական անկայունութիւնն է։
Յիշեցնենք, որ տնտեսագիտական վերլուծական հեղինակաւոր կազմակերպութեան մը կողմէ հրապարակուած տուեալներուն համաձայն, Տարօն Աճեմօղլու աշխարհի մէջ ամէնէն հեղինակաւոր 20 տնտեսագէտներուն մէջ 8րդ տեղը կը գրաւէ, մինչ Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր փրոֆ. Փօլ Քրուկման՝ 13րդ տեղը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.