ՊՈԼԻՍ.- Պատմաբան Օսման Քէօքերի «Պիր Զամանլար Եայընճըլըք» հրատարակչատան ու Լոնտոնէն պատմաբան Արա Սարաֆեանի գլխաւորած «Կոմիտաս» հիմնարկի միատեղ նախաձեռնութեամբ հրատարակուեցաւ Աղթամարի եկեղեցւոյ մասին գիրք մը՝ անգլերէնով եւ թրքերէնով։ Գիրքին խորագիրն է՝ «Աղթամար՝ Միջնադարեան Հայ Ճարտարապետութեան Գոհար Մը»։
Գիրքը գրի առնուած է Ստեփան Մնացականեանի կողմէ։ Այնտեղ տեղադրուած են որմնաքանդակներու նկարներն ու եկեղեցւոյ յատակագիծը։ Մնացականեանի կողմէ 1980ական թուականներուն կատարուած հետազօտութիւններուն վրայ հիմնուած գիրքը հարստացած է իտալական հրատարակչատան մը կողմէ նախապէս հրատարակուած նկարներով ու գծագրութիւններով։
Գիրքը հովանաւորուած է «Բարեգործականի Ասպետներ»ուն կողմէ: Գիրքին շնորհահանդէսը պիտի կայանայ Վանի մէջ, Սեպտեմբեր 17ին, ապա Պոլսոյ մէջ՝ Սեպտեմբեր 21ին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.