ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Երէկ «Ակօս»ի խմբագիր Հրանդ Տինք 56 տարեկան պիտի ըլլար, բայց ան չհասաւ այդ տարիքին, որովհետեւ Թուրքիոյ կառավարութիւնը մեղսակից անտարբերութեամբ ու յանցագործութեամբ թերացաւ, կամ ուզեց թերանալ, անոր կեանքը պաշտպանելու իր պարտաւորութեան մէջ:
Եւրոպական դատարանը իր վճիռը տուաւ ու Թուրքիոյ կառավարութիւնը յաւելեալ խայտառակութենէ խուսափելու համար, որոշեց ընդունիլ զայն ու կատարել իր ուսերուն վրայ դրուած պարտաւորութիւնները՝ տուգանք-վճարումները:
Հրանդին արժէքը, անոր կորուստին պատճառած վնասները կարելի չէ անշուշտ նիւթական որեւէ հատուցումով չափել: Ժողովրդական մակարդակով Հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման անգոյ ու անյոյս գործընթացը իրմով սկիզբ առաւ ու իր նահատակութեամբ ստացաւ անշրջելի թափ: Եթէ ան անարգ ոճիրի զոհ չդառնար, ապա վստահաբար թուրք մտաւորականութեան առաւել լայն շրջանակ մը պիտի ընդգրկէր իր ընկերական ցանցին մէջ՝ անոնց հաղորդակից ու զգայուն դարձնելով Հայկական Ցեղասպանութեան ու անոր ուրացման պետական քաղաքականութեան պատճառած ահաւոր վնասներուն:
Հրանդի կեանքին բրտօրէն վերջ դրին՝ խլելով զայն հայ ու թուրք ժողովուրդներէն: Այս իւրայատուկ մարդը, որ կրնար, թուրք մտաւորականի մը (հրապարակագիր Նեշէ Տիւզել) բնութագրումով՝ Թուրքիոյ մէջ ըլլալ հայ, իսկ Թուրքիայէն դուրս՝ թուրքիացի, մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ՝ իր համոզումները կտակելով թուրք մտաւորականներու խումբի մը, որուն ամէն օր կ՛անդամակցին նորեր, ուռճացնելով Հայկական Ցեղասպանութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնելու պատրաստակամ անձերուն շարքերը:
Հրանդի կեանքն ու գործունէութիւնը ուսանելի շատ բաներ ունի նաեւ մեզի համար: Անոր սկսած գործընթացը միայն միւս կողմէն չէ, որ պիտի զարգանայ. մե՛նք ալ պէտք է անոր մաս կազմելու ճիգը թափենք: