ՊԱՔՈՒ, «Նիուզ».- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ռապըրթ Պրատթքի, BBC ատրպեճանական ծառայութեան հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ Դեկտեմբերին Ղազախստանի մէջ կայանալիք ԵԱՀԿ վեհաժողովին ընթացքին, բոլորին ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնանայ հակամարտող կողմերու դիրքորոշումներուն ու անոնց տարբերութիւններուն վրայ:
«Կը կարծեմ, որ այդ գագաթնաժողովը կարեւոր իրադարձութիւն պիտի ըլլայ։ Այդ գագաթնաժողովին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները, նաեւ Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի պետութիւններու ղեկավարները պիտի նստին մէկ սեղանի շուրջ: Առանց կասկածի, հակամարտող կողմերուն դիրքորոշումներուն տարբերութիւնները կրկին պիտի ըլլան ուշադրութեան կեդրոնը», ըսած է ամերիկացի համանախագահը՝ աւելցնելով, որ նախագահները ստիպուած պիտի ըլլան սոյն վեհաժողովին ընթացքին միջազգային հանրութիւնը տեղեակ պահել գործընթացի զարգացման ծրագիրներուն մասին:
«Կը կարծեմ, որ այստեղ որոշ առաջընթացի մը կարելի է հասնիլ: Մեր վերջին այցելութեան ընթացքին մենք կողմերուն տեղեկացուցինք, թէ ո՞ր ուղղութիւններով կարելի է առաջընթաց ունենալ, եւ այդ մէկը մենք պիտի քննարկենք նաեւ Նիւ Եորքի մէջ», յայտնած է Պրատթքի:
Նոյն զրոյցին ընթացքին ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի (ՄԽ) ամերիկացի համանախագահը յայտնած է, թէ ՄԽ կ՛ողջունէ Ատրպէյճանի կողմէ հակահայ բանաձեւը ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի օրակարգէն վերցնելու իրողութիւնը, որովհետեւ խումբը չի հաւատար, որ «այդ բանաձեւը կը նպաստէ խաղաղ գործընթացին»:
«Ատիկա կրնայ կողմերուն ուշադրութիւնը շեղել ուղիղ բանակցութիւններէն: Հակամարտութեան ամենաարագ լուծման ճանապարհը Մինսկի խումբի ծիրէն ներս կողմերուն միջեւ ուղիղ բանակցութիւններն են», ըսած է համանախագահը։
Դիւանագէտը նաեւ նշած է, որ էական տարբերութիւններ չի տեսներ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն եւ նոյնիսկ նախագահներուն դիրքորոշումներուն միջեւ: Խօսելով ԵԱՀԿի ճանաչողական առաքելութեան մասին՝ համանախագահը յստակացուցած է, որ անիկա շատ կարեւոր է: «Յայտնի է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերջին գնահատող առաքելութիւնը տեղի ունեցած է հինգ տարի առաջ: Այս տարուան սկիզբը մենք որոշեցինք, թէ այցը կրկնելու կարիք կայ: Գիտէք, որ այդ տարածքները չեն կրնար մշտապէս այդ վիճակին մէջ մնալ: Երբեւիցէ փախստականները կը վերադառնան իրենց հարազատ վայրերը: Բաժանարար գիծերը պէտք է վերացուին», ըսած է ամերիկացի համանախագահը եւ աւելցուցած, որ ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ բանակցութիւնները մշակելու ընթացքին իրենք նախատեսած էին մեծ աշխատանք, որուն շրջանակէն ներս էր նաեւ զօրքերու շփման գիծը հատելու ծրագիրը:
Անոր խօսքով, զօրքերու շփման գիծին անցումը իրականացած է քանի մը պատճառներով. «Առաջին հերթին, այդ քայլով մենք կ՛ուզէինք ընդգծել, որ զօրքերու շփման գիծը որեւէ սահման չէ, անիկա հարեւան պետութիւնները կ՛անջատէ մէկը միւսէն: Մենք կ՛ուզէինք ցոյց տալ, որ, օր մը երկու կողմերու ներկայացուցիչները ազատօրէն կրնան հատել շփման գիծը: Իսկ երկրորդ նպատակն էր՝ հրադադարի խախտման մասին տեղեկատուութիւնը ստուգել», ըսած է Պրատթքի:
Համանախագահը նշած է, թէ շփման գիծի երկու կողմերուն վրայ անոնք ունեցած են զրոյցներ, որոնք եղած են շատ հետաքրքրական, քանի որ երկու կողմերն ալ տուած են իրարու հակասող տեղեկատուութիւն։ Պրատթքի նաեւ յայտնած է, թէ զօրքերու շփման գիծին վրայ քաղաքացիներ չեն ապրիր: «Ատիկա տարածք է, ուր քաղաքացիներ չկան: Ես չեմ գիտեր եթէ մեր առաքելութիւնը որեւէ բան կը փոխէ՞, թէ ոչ, սակայն ատիկա հաղորդագրութիւն էր, որ ուղարկուած էր բոլոր կողմերուն: Ըստ հաղորդագրութեան, շփման գիծը մշտական չէ, սակայն հրադադարին պէտք է հետեւիլ:
«Մենք երկու կողմերուն ալ կը յայտարարենք, որ հրադադարի խախտման դէպքերուն պէտք է վերջ դրուի: Հրադադարի հաստատման կարեւորութեան մասին զրոյցներ մենք ունեցած ենք Պաքուի, Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ: Սակայն անկեղծ ըլլալու համար, այդ տարածքին վրայ անհնար է անմիջապէս խաղաղապահ ուժեր տեղակայելը: Մենք զգացինք, որ կողմերէն ոչ մէկը կ՛ուզէ այդ մէկը», խօսքը աւարտած է ամերիկացի համանախագահը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.