ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցիին մէջ այս Կիրակի կայանալիք արարողութիւնը թէ՛ Թուրքիոյ մէջ եւ թէ՛ անկէ դուրս դարձած է օրուան հրատապ հարցերէն մէկը։ Հայաստանի լրատու գործակալութիւնները այլազան լուրեր կը հրատարակեն՝ մասնաւորաբար խաչի տեղադրման հարցին շուրջ. լուրեր, որոնք, յայտնի չէ թէ որքա՛ն կը համապատասխանեն ճշմարտութեան։
Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15ին, «Մարմարա» խմբագրատունը կապուած է Պոլսոյ պատրիարքարանին հետ ու վերջին զարգացումներուն մասին նոր տեղեկութիւններ խնդրած է պատրիարքական փոխանորդ Արամ սրբազանէն, որ անգամ մը եւս յիշեցուցած է, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները խոստացած են խաչը տեղադրել ու խաչը անպայման պիտի տեղադրուի, սակայն Կիրակի օրուան արարողութենէն ետք։
Արամ սրբազան նաեւ յայտնած է, թէ արդէն իսկ ճամբայ հանուած է փայտէ շինուած Էջմիածնական ոճով գեղեցիկ խորան մը, որ Կիրակի օր պիտի զետեղուի Աղթամարի եկեղեցւոյ պարապ խորանին վրայ, եւ որուն վրայ պիտի մատուցուի պատարագը։ Խորանին վրայ 90 սմ. բարձրութեամբ խաչ մը կայ։ Արարողութենէն ետք, խորանը պիտի վերցուի Վանի կուսակալութեան կողմէ ու պիտի պահուի Վանի թանգարանին մէջ, մինչեւ յաջորդ արարողութիւն։
Գալով խաչի խնդիրին՝ խաչը, որ Միջինքի օրէն ի վեր արդէն ղրկուած է ու մինչեւ օրս կը պահուէր Վանի թանգարանին մէջ, ճարտարապետներու կարգադրութեամբ տարուած է կղզի ու այժմ տեղադրուած է եկեղեցւոյ շրջափակը, ժամանակաւոր պատուանդանի մը վրայ։ Կը թուի, թէ այդպէս ալ պիտի մնայ մինչեւ արարողութեան աւարտը։
Նաեւ, տեղւոյն վրայ պատրաստութիւններ տեսնելու նպատակով, Չորեքշաբթի օր ճամբայ ելած են երեք-չորս հոգեւորականներէ բաղկացած խումբ մը՝ առաջնորդութեամբ հայր Թաթուլ Ծ. վարդապետի։ Իսկ Արամ սրբազան Վան պիտի մեկնի Շաբաթ օր ու Վանի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ Վանի կուսակալին ու միւֆթիին հետ։ Կիրակի օրուան Ս. պատարագէն ու հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք, շրջափակը Անդաստան պիտի կատարուի։ Իսկ իրիկունը, Արամ սրբազան ներկայ պիտի գտնուի երգչախումբին ու պարախումբին ելոյթներուն։ Կուսակալութիւնը առաջարկած է, որ սոյն համերգին մասնակցի նաեւ տեղական խումբ մը եւ այդ առաջարկը ընդունուած է։ Արամ սրբազան Երկուշաբթի առաւօտ Պոլիս պիտի վերադառնայ։
Միւս կողմէ, «Նիուզ.ամ» կայքէջը դիտել կու տայ, որ Վանի խումբ մը գործարարներ Սեպտեմբեր 14ին, դիմած են պատրիարքարան եւ խնդրած են, որ փայտէ ժամանակաւոր խաչ մը զետեղուի գմբէթին վրայ, սակայն պատրիարքարանը մերժած է առաջարկը: «Նիուզ.ամ» լուրը ճշդելու նպատակով կապ հաստատած է հայր Թաթուլի հետ, որ ըսած է, թէ տեղեակ չէ այդպիսի առաջարկի մը մասին։ «Եթէ նոյնիսկ այդպիսի առաջարկ մը ներկայացուէր, տրամաբանական պիտի չըլլար եւ պատրիարքարանը պիտի չընդունէր», ըսած է ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.