
ԵՐԵՒԱՆ.- Սեպտեմբեր 14ին իր աշխատանքին սկսաւ Հայաստանի խորհրդարանի աշնանային նստաշրջանը, որուն ընթացքին, խորհրդարանի խօսնակ Յովիկ Աբրահամեան ներկայացուց քառօրեայ նիստերու օրակարգը՝ նշելով, որ անիկա բաղկացած է երեք մասերէ՝ 34 օրինագիծեր. երկրորդին մէջ օրինագիծերու քննարկում նախատեսուած չէ, իսկ երրորդ մասին մէջ ներառուած են 99 հարցեր, որոնցմէ 28ն միջազգային պայմանագիրներ ու համաձայնագիրներ են:
Ան նշած է, որ աշնանային նստաշրջանի ընդհանուր օրակարգին մէջ ընդգրկուած է նաեւ «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան «ԼՂՀ անկախութեան ճանաչման մասին» օրինագիծը:
Լեռնային Ղարաբաղի անակախութեան ճանաչման մասին Ժառանգութիւն կուսակցութեան նախաձեռնած օրինագիծը բացասական գնահատական ստացած էր ԱԺ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ, որուն նախագահը Արմէն Ռուստամեանն է: Այնուամենայնիւ, փաստաթուղթը արտահերթ կարգով մտած է խորհրդարանի կայանալիք քառօրեայ օրակարգ, որ տեղի պիտի ունենայ ընթացիկ տարուան Հոկտեմբերին:
ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, Արցախի ճանաչման բանաձեւի մասին խօսելով՝ Սեպտեմբեր 14ին կայացած զրոյցի մը ընթացքին ընդգծած է, որ խորհրդարանը քննարկման ընթացքին պիտի մերժէ «ԼՂՀ անկախութեան ճանաչման մասին» օրինագիծը: «Արցախի անկախութեան ճանաչումը, որը դէ ֆակտօ արդէն արել ենք, պէտք է լինի Հայաստանի եւ ԼՂՀի համատեղ որոշմամբ, ինչն այսօր գոյութիւն չունի:
«Եթէ այդ որոշումը լինէր, ապա ՀՀ նախագահն արդէն դէ իւրէ (իրաւականօրէն-Խմբ.) կը ճանաչէր ԼՂՀ անկախութիւնը, իսկ եթէ այսօր նախագահը դա չի անում, ապա բնական է, որ ԱԺի մեծամասնութիւնն այս օրինագծին դէմ է լինելու: Ուստի այս համազգային նշանակութեան հարցը չի կարելի վտանգել, ինչը հիմա արւում է: Մենք դէմ չենք ԼՂՀի ճանաչմանը, սակայն դրա համար անհրաժեշտ է համապատասխան միասնական որոշում», յայտնեց Ա. Ռուստամեանը:
Ըստ Ռուստամեանի, նման օրէնսդրական նախաձեռնութիւն մը պէտք է նախապէս համաձայնեցուած ըլլայ: «Չպէտք է այս հարցում կասկած լինի: Մենք պէտք է հարցը դնենք քուէարկութեան, երբ բոլորս միասնական կերպով վստահ կը լինենք, որ այն ընդունուելու է 100 տոկոսով, այսինքն՝ միաձայն: Նման համազգային նշանակութիւն ունեցող հարցերը չի կարելի հապշտապ կերպով, կասկածելի վիճակով դնել քուէարկութեան», ընդգծեց ան ու աւելցուց, որ «եթէ սա ակնյայտ է, ուրեմն քուէարկութիւն մենք չպէտք է անցկացնենք հիմա, քանի որ Ադրբեջանը դա կարող է լայնօրէն օգտագործել՝ նշելով, թէ անգամ ՀՀ ԱԺն չի ուզում ճանաչել ԼՂՀի անկախութիւնը»:
Ռուստամեան կոչ ուղղեց «Ժառանգութեան» իր գործընկերներուն հարցը քուէարկութեան չհասցնել:
«Ժառանգութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Ստեփան Սաֆարեան յայտնած է, որ խմբակցութիւնը համաձայն է, որ օրինագիծը ընդգրկուի մեծ օրակարգին մէջ, սակայն զայն չքննարկել հապճեպ կերպով: