ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը որոշած է Ազգային ժողովի օրակարգին մէջ մտցնել Ղարաբաղի Անկախութեան ճանաչման օրինագիծը:
Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ «Ժառանգութիւն»ը իր այս քայլով:
Եթէ միայն քարոզչական շահ է հետապնդածը, բան մը, զոր խոստովանիլը պիտի չուզէր անշուշտ այդ կուսակցութեան ոեւէ ղեկավար դէմք, ապա այդ քայլը պիտի բնութագրէինք իբրեւ ժողովուրդի ազգային զգացումներու աժանագին շահարկում:
Եթէ նպատակը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան ղեկավարներուն վրայ ճնշում բանեցնել է, որպէսզի անոնք այդ քայլը առնելու քաղաքական պահը ճշդելու գծով յստակացումներ կատարեն, ապա Ազգային ժողովին մաս կազմող խորհրդարանական խմբակցութիւն մը կրնար նախքան օրինագիծը ներկայացնելը՝ հրապարակային ու խորհրդապահական քննարկումներու նախաձեռնել, ամէնէն ճիշդ որոշումին յանգելու նախանձախնդրութեամբ:
Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը վարողներու անցեալի սխալները (վկայակոչենք միայն հայ-թրքական յարաբերութիւններու խայտառակութիւնը) նկատի առնելով՝ խորհրդարանական ընդդիմադիր ուժի մը կողմէ իշխանութեանց համապատասխան օղակները ճնշումի տակ պահելու, զանոնք աշխատանքի ու գործի մղելու տեսակէտէն միայն հասկնալի կ՛ըլլայ «Ժառանգութիւն»ին քայլը:
Իշխանութիւնները իրենց քուէներով կրնան ձախողեցնել օրինագիծը, եթէ անշուշտ ան դրուի քուէարկութեան: Երանի հարցը այդպիսի զարգացումի չհասնի: Երանի ոչ մէկ հայ, որեւէ նկատառումով, չդրուի Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու առաջարկի մը հանդէպ հակառակ կամ չէզոք դիրք բռնելու պարտադրանքին դիմաց, նոյնիսկ եթէ կրնայ այդ քայլը արդարացնել յօգուտ Ղարաբաղի:
Եթէ իշխանութիւն ու ընդդիմութիւն, այս հարցը բարւոք չլուծեն (հանելով օրակարգէն, կամ՝ երաշխաւորելով անոր յաջողութիւնը), ապա ես անձնապէս կողմ կը քուէարկէի օրինագիծին՝ պարզապէս իբրեւ բարոյական կեցուածք, միեւնոյն ժամանակ, խորապէս դառնանալով օրինագիծը անպատեհ պահու ներկայացնողներուն դէմ: