
ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ, «Պլումպըրկ», «Սի.Փի.».- Մարդ-կային իրաւանց եւրոպական ատեանը Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14ին վճռած է, թէ Թուրքիա Հրանդ Տինքի ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար բաւարար միջոցառումներու չէ դիմած, հակառակ այն իրողութեան, որ իշխանութիւնները Տինքը սպաննելու նպատակով մշակուող դաւադրութեանց մասին տեղեկութիւններ ունէին:
Դատարանը վճռեց ի նպաստ Տինքի ընտանիքին ներկայացուցած դատական հայցին եւ նշեց, որ Թուրքիա բռնաբարած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական ուխտի թիւ 2, 10 եւ 13 յօդուածները, որոնք կը վերաբերին ապրելու իրաւունքին, ազդու դարմանումի իրաւունքին եւ խօսքի ազատութեան իրաւունքին:
Դատարանը նաեւ հրամայեց, որ Թուրքիա Տինքի ընտանիքին վճարէ 133,595 եուրօ (մօտաւորապէս 170,000 տոլար)։ Գումարին մէջ ներառուած են դատական ծախսերը։
Դատավճիռին մէջ կը շեշտուի, թէ Տինքի արտայայտուելու իրաւունքը ոտնակոխելով եւ զայն հետապնդելով՝ իշխանութիւնները Տինքը ծայրայեղ ազգայնականներուն թիրախ դարձուցած էին: Հոն նաեւ կը պնդուի, թէ «պատմական իրականութիւնը» բացայայտելու նպատակով Տինքի տարած աշխատանքը հակաօրինական չէր՝ անուղղակիօրէն անդրադառնալով Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին:
Ատեանը նաեւ կը շեշտէ, թէ Անգարա լրջութեամբ չի մօտենար Տինքի սպանութեան առաջնորդած թերացումները դարմանելու կոչերուն:
Թուրքիոյ իշխանութիւնները աւելի ուշ յայտարարեցին, թէ Անգարա կ՛ընդունի եւրոպական ատեանին վճիռը՝ խոստանալով յաւելեալ քայլերու դիմել, որպէսզի նման դէպքեր չկրկնուին: