ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Էյ.Փի.».- Անցեալ շաբաթավերջին, Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններու մէջ նշուեցաւ Սեպտեմբեր 11, 2001ի ահաբեկչական գործողութեան 9րդ տարելիցը։ Սուգի մթնոլորտին զուգահեռ, տիրական էին ահաբեկչութեան թիրախ դարձած Առեւտուրի համաշխարհային կեդրոնի վայրին մէջ մզկիթ մը կառուցելու բանավէճն ու Ֆլորիտայի մէջ Քուրանը այրելու կոչին պատճառած հակազդեցութիւնները։ Յայտնենք, թէ Քուրանը այրելու ծրագիրը չիրականացաւ: Փենթակոնի շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը, ուր խօսք առաւ նախագահ Պարաք Օպաման։ Ան, կոչ ուղղելով կրօնական հանդուրժողականութեան՝ հաստատեց, որ ամերիկացիները իսլամներու թշնամի չեն եւ պիտի չըլլան: «Կրօն մը չէր, որ Սեպտեմբեր 11ին յարձակեցաւ մեր վրայ, այլ «Քայիտա»ն, խումբ մը մարդիկ, որոնք կ՛աղաւաղեն կրօնը»։ Օպամա ըսաւ, թէ ինչպէս որ աշխարհի մէջ ամերիկացիք կը դատապարտեն անհանդուրժողականութիւնն ու ծայրայեղութիւնը, անոնք նոյնը պէտք է ընեն իրենց երկրին մէջ՝ հաւատարիմ մնալով իրենց սկզբունքներուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.