
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Երաժշտութեան «Grammy» մրցանակին տիրացած աշխարհահռչակ երգահան երգիչ Սերժ Թանգեան, գործակցութեամբ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան հետ, իւրայատուկ արշաւի մը սկսած է՝ կոչ ընելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային, որ յստակօրէն հաստատէ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, յարգելով իր նախընտրական խոստումը: Թանգեան միաժամանակ կոչ կ՛ընէ Ուաշինկթընի, որ գործնական քայլերու դիմէ՝ կասեցնելու համար Տարֆուրի մէջ շարունակուող ցեղասպանութիւնը:
Սեպտեմբեր 10ին ազդանշանը տրուած է նշեալ՝ «Yes, Its Genocide» («Այո. Ցեղասպանութիւն Է») արշաւին, որուն անունը վերցուած է Թանգեանի Սեպտեմբեր 21ին հրապարակուելիք նորագոյն ալպոմի երգերէն մէկէն, որ, իր կարգին, նուիրուած է Հայկական Ցեղասպանութեան: Արշաւին գործնական մասնակցութիւն կարելի է բերել՝ այցելելով համացանցային www.anca.org/yesitsgenocide կայքէջը, ուրկէ կարելի է պատգամ մը յղել նախագահ Օպամային:
«Մեզի համար պատիւ է գործակցիլ Սերժ Թանգեանին ու ՀԵԴին հետ, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւը ընդարձակելու նպատակով», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան՝ ցաւ յայտնելով, որ նախագահ Օպամա չէ յարգած հայութեան եւ Տարֆուրի կապակցութեամբ իր տուած խոստումները:
«Իբրեւ գործիչներ եւ մտահոգ քաղաքացիներ, մեր պարտականութիւնն է պայքարիլ մարդկութեան դէմ ոճիրներուն համար, ո՛ւր ալ տեղի ունենան անոնք», կը շեշտէ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արեգ Սանթիկեան:
ՀԵԴն այս առիթով նաեւ մրցոյթ մը կազմակերպած է. Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու եւ այլ ցեղասպանութիւններու կասեցումը ապահովելու մասին լաւագոյն տեսաերիզը պատրաստողները ձրի տոմսեր պիտի ստանան ներկայ ըլլալու Թանգեանի համերգներուն: Մրցոյթի մանրամասնութեանց համար, այցելել www.ayfwest.org/yesitsgenocide կայքէջը:
Ալպոմէն օրինակ մը ապահովելու համար, այցելել www.serjtankian.com/preorder կայքէջը: