ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Ասպարէզ» օրաթերթը իր ծառայութիւնը ներկայ մակարդակով ու տարողութեամբ կը կատարէ՝ շնորհիւ թերթին մէջ իր բաժանորդ ընթերցողներուն, ձեռնարկութիւններուն ու միութիւններուն հրապարակած ծանուցումներուն դիմաց ստացուած վճարումներուն, եւ վերջապէս՝ յատուկ թիւերու մէջ էջեր հովանաւորող բարեկամներու նուիրատուութիւններուն: Ասոնց վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ «Ասպարէզ»ի տարեկան ճաշկերոյթէն ապահովուած հասոյթը:
«Ասպարէզ» կ՛ուզէ բարձրացնել իր ծառայութեան մակարդակը, կ՛ուզէ աւելի լաւ որակով, աւելի հետաքրքրական ու այլազան նիւթերով, աւելի ընդլայնուած տեղեկատուական դաշտով, աւելի անմիջական, թարմ տեսքով ներկայանալ իր բաժանորդներուն:
Նոր ծրագիրներն ու բարելաւուած որակը ապահովելու միակ միջոցը յաւելեալ ներդրում ապահովելն է: Նպատակադրուած ծրագիրներու համար ներդրումը, ոեւէ բարեկամի, բարերարի կամ միութեան կողմէ յատկացումը, անմիջապէս ի գործ կը դրուի: Կը տեսնէք, կը գնահատէք, կը քննադատէք: Եթէ գնահատուի՝ կը շարունակուի: Եթէ ոչ… մէկ ձախող փորձ իսկ կրնայ ծանր հետեւանք ունենալ՝ բարդացնելով ու դժուարացնելով նոր յատկացումներուն ու ներդրումներուն հոսքը: Հետեւաբար, ամէն ինչ պէտք է ընել՝ յաջողութիւնը երաշխաւորելու համար:
Այս ընդհանուր յառաջաբանը աւելի յստակ ու շօշափելի դարձնելու համար, պէտք է օրինակ մը տալ:
Բարեկամ մը, կամ միութիւն մը փափաք ունի «Ասպարէզ»ի զարգացման նպաստելու եւ պատրաստ է որոշ գումար մը յատկացնելու այդ նպատակին: Ան իր մտադրութիւնը կը փոխանցէ խմբագրութեան: «Ասպարէզ» իր զարգացման ծրագիրէն կ՛ընտրէ յատկացուած գումարով իրականանալու կարելիութիւն ունեցող բաժին մը եւ կը ներկայացնէ տուեալ բարեկամին կամ միութեան: Երկկողմանի համաձայնութեան պարագային, խմբագրութիւնը կը ձեռնարկէ այդ բաժինի իրականացման աշխատանքներուն: Ծրագիրը ու անոր հովանաւորին անունը կը հրապարակուին:
Աւելի յստակ. բարեկամ մը կամ միութիւն մը կը փափաքի, որ «Ասպարէզ»ը ունենայ իր արուեստի քննադատը, եւ պատրաստ է այդ նպատակին համար գումար յատկացնելու. «Ասպարէզ» անմիջապէս գործի կ՛անցնի, կ՛ապահովէ արուեստի քննադատի մը աշխատակցութիւնը: Կ՛օգտուի «Ասպարէզ»ը (նիւթերու հարստացման ճամբով, նոր բաժանորդներ հրապուրելու միջոցաւ), անոր ընթերցողը, հայ արուեստը (շինիչ քննադատութիւնը միայն օգտակար կրնայ ըլլալ արուեստի զարգացման): Ասիկա միայն մէկ օրինակ է:
Եթէ գոհ էք «Ասպարէզ»էն, եթէ կ՛ուզէք որ աւելի լաւ ծառայենք ձեզի, մի զլանաք ներդրում կատարել մեր զարգացման ծրագիրին: