Մարսէյի փոխքաղաքապետ Տիտիէ Փարաքեան ստորագրահաւաքի մը սկսած է, Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ Հայկակaան Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը օրակարգի բերելու նպատակով:
«Հայկական Ցեղասպանութիւն, ոչ ժխտողականութեան. Ծերակոյտը պէտք է գործի անցնի» խորագիրով ստորագրահաւաքը կ՛իրականացուի petition-genocidearmenien.com կայքէջին վրայ։
Յիշեցնենք, թէ Ֆրանսայի խորհրդարանը արդէն իսկ վաւերացուցած է այս օրէնքը, սակայն Ծերակոյտը կը ձգձգէ անոր վաւերացումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.