ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Նարեկավանք Թուր» զբօսաշրջութեան ընկերութեան տնօրէն Աշոտ Սողոմոնեան, Սեպտեմբեր 8ին կայացած զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ ընկերութիւնը չեղեալ համարած է Սեպտեմբեր 19ին կազմակերպած իր զբօսաշրջական երթը դէպի Վան, որուն համար արձանագրուած էր 200 հոգի։
«Աղթամար, պատարագ Սուրբ Խաչ եկեղեցում, մէկ դար անց, Սեպտեմբերի 19ին: Հրաւիրում ենք մասնակցել մեզ հետ, գինը՝ 155 հազար դրամ» յայտարարութիւնը, որ մինչեւ ծրագիրին չեղեալ համարումը տեղադրուած էր «Նարեկավանք Թուր» զբօսաշրջութեան ընկերութեան պաշտօնական կայքին վրայ, արդէն իսկ վերցուած է։
Ընկերութեան տնօրէնը ըսած է. «Պատրաստւում էի 200 հոգի տանել, մի ամբողջ հիւրանոց էի պրոնիայ արել, բայց չեմ տանի: Ինչպէս իմ երկիրը որոշի, այնպէս էլ կ՛անեմ»:
Նշենք, որ հայաստանցիներուն մեծ մասը, որուն մէջ նաեւ քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ, կը կարծէ, թէ հայերը պէտք չէ մասնակցին թրքական կողմին կազմակերպած սոյն «ցուցադրութեան»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.