ՊՈԼԻՍ.- Սեպտեմբեր 12ին կայանալիք Թուրքիոյ սահմանադրական փոփոխութեանց հանրաքուէի նախօրեակին, երկրին մէջ կը տիրէ լարուած մթնոլորտ։ Թուրքիոյ շարք մը շրջաններու մէջ բախումներ տեղի կ՛ունենան իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամներու եւ ընդդիմադիրներու միջեւ։
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Երեքշաբթի օր Պոլսոյ մէջ Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչներէն մէկը մահակով մը ծեծած է անցորդներուն պրակ բաժնող Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան կանանց թեւի ներկայացուցիչները։
Դէպքէն անմիջապէս ետք, կիները դիմած են ոստիկանութեան եւ ծեծի ենթարկուած կանանց լուսանկարները հրապարակուած են մամուլին մէջ։
Նաեւ, Երեքշաբթի օր Մերսինի մզկիթներէն մէկուն դիմաց հանրաքուէին «այո» ըսելու համար դիմում կատարող Էմին Քոջասլան յարձակումի ենթարկուած է Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ներկայացուցիչներէն մէկուն կողմէ։
Միւս կողմէ, «Մարմարա» կը հաղորդէ, թէ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան մէջ հանրաքուէին շուրջ ծագած վէճը կը շարունակուի՝ ցոյց տալով, որ այդ կուսակցութեան վերին շարքերուն մէջ կուսակցապետ Տեվլեթ Պահչելիի նկատմամբ դժգոհութեան ալիք մը կայ։ Արդարեւ, Ռամիզ Օնկուն պնդեց, թէ կուսակցութիւնը պէտք է այսպիսի հանրաքուէի մը համար «այո» ըսէ, որովհետեւ պետական հարուածներէ շատ տուժած կուսակցութիւն մըն է։ «Սահմանադրական փոփոխութեան առաջարկը երանի մեր կուսակիցները բերած ըլլային», ըսաւ Օնկուն, որ իր խօսքերը հասցուց մինչեւ իսկ Պահչելիի նկատմամբ նախատինքներու մակարդակին։
«Սահմանադրական փոփոխութեան դէմ եղողները այնպիսի յոռետես մթնոլորտ մը ստեղծեցին, որ եթէ հոս Գերմանիա ըլլար, ժողովուրդին կէսը անձնասպան կ՛ըլլար», աւելցուց ան եւ հարց տուաւ, որ իր կուսակցութիւնը ինչո՞ւ կը պաշտպանէ ներկայ սահմանադրութիւնը, որուն դէմ եղած էր իրենց նախկին ղեկավարը՝ Թիւրքեշը։ Օնկունի այս յայտարարութենէն ետք, կուսակցութեան Հիմնադիրներու խորհուրդի անդամները յայտարարեցին, թէ իրենք եւս հանրաքուէի ընթացքին «այո» պիտի ըսեն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.