ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ պետական պիւտճէ մուտքագրուած հարկային եկամուտները, տուրքերը եւ պարտադիր հասարակական ապահովութեան վճարումները 2010ի ութ ամիսներուն ընթացքին կազմած են 13 միլիառ 57 միլիոն եւ 531 հազար դրամ, որ ծրագրուած ցուցանիշը գերազանցած է 4.7 տոկոսով, իսկ նախորդ տարուան նոյն ցուցանիշը՝ 13.6 տոկոսով:
Միայն հարկային եկամուտներու եւ պետական տուրքի մասով, պետական պիւտճէ մուտք գործած է 9 միլիառ 290 միլիոն եւ 88 հազար դրամ, որ ծրագրաւորուած ցուցանիշը գերազանցած է 5 տոկոսով, իսկ նախորդ տարուան նոյն ամիսներուն ցուցանիշը՝ 16.6 տոկոսով:
Նշուած ժամանակահատուածին, պարտադիր հասարակական ապահովութեան վճարումներու բաժինին մէջ նաեւ ծրագիրով նախատեսուածը 6.7 տոկոսով կատարելագործուած է. արդարեւ, հաւաքուած գումարները կազմած են շուրջ 3 միլիառ 767 միլիոն եւ 443 հազար դրամ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.