
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Սեպտեմբեր 8ին ընդունած է նոյն օրը Ստեփանակերտ ժամանած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Ռապըրթ Պրատթքին (ԱՄՆ), Իկոր Փոփովը (Ռուսիա) եւ Պեռնար Ֆասիէն (Ֆրանսա):
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է ատրպեճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման առնչուող հարցերու լայն շրջանակ մը:
ԼՂՀ նախագահի մամլոյ գրասենեակին փոխանցած տեղեկութեամբ, Բակօ Սահակեան համանախագահներուն կոչ ըրած է օգտագործելու իրենց ներուժը՝ Ատրպէյճանը կառուցողական դաշտ բերելու համար։
Կողմերը ընդգծած են նաեւ, որ արցախեան հիմնախնդիրը պէտք է կարգաւորուի ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս, իսկ զայն այլ ատեաններ տեղափոխելու Ատրպէյճանին փորձերը չեն նպաստեր հակամարտութեան կարգաւորման:
Բակօ Սահակեան ընդգծած է նաեւ, որ Ատրպէյճանի կողմէ վերջերս կատարուած զինադադարի յաճախակի խախտումները մտահոգութիւններ կը յառաջացնեն՝ լուրջ վտանգ ներկայացնելով ինչպէս տարածաշրջանի կայունութեան եւ անվտանգութեան պահպանման, այնպէս ալ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղուած Մինսկի խումբի համանախագահներու ջանքերուն:
Նշենք, որ հանդիպման ներկայ էր Արցախի արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեանը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքը: