Վերջին տասնամեակին, Լոս Անճելըսի հայ համայնքին համար աւանդութիւն դարձած, Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը կատարել համայնքի հիմնական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէ կազմուած Միացեալ Մարմնի միջոցով: Այս մարմնին ընդհանրապէս մաս կազմած են երեք քաղաքական կուսակցութիւնները, չորս կրօնական յարանուանութիւնները եւ բարեսիրական ու հայրենակցական հիմնական միութիւնները:
Այս տարի Հայկական Ցեղասպանութեան 95ամեակի ոգեկոչումը կատարուեցաւ դարձեալ Միացեալ Մարմնին կողմէ, այն տարբերութեամբ, որ Միացեալ Մարմնին պաշտօնապէս միացած էին նաեւ բազմաթիւ բարեսիրական ու հայրենակցական միութիւններ:
Կազմակերպական առումով, առաւել արդիւնաւէտութեան հասնելու նպատակով, Միացեալ Մարմնի առաջարկին ընդառաջելով, մասնակից կազմակերպութիւնները հաւանութիւն տուին, որ Միացեալ Մարմնի գործունէութիւնը չդադրի Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչումի յաջորդող ամիսներուն, այլ ան շարունակէ գործել ամբողջ տարուան ընթացքին եւ աշխատանք տանի նախապատրաստելու յաջորդ տարուայ Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման ձեռնարկները:
Այս հասկացողութեամբ ու մասնակից կազմակերպութիւններու որոշումով հիմը դրուեցաւ Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի Միացեալ Մարմնի տարեկան գործունէութեան:
Միացեալ Մարմինը, իր տարեկան գործունէութեան լիազօրութիւնը ստանալէ ետք, իր կարգին քննարկեց իր գործունէութեան տարողութիւնն ու անմիջական նպատակները եւ նպատակայարմար գտաւ.-
* Տարուայ ընթացքին կազմակերպել Ցեղասպանութեան նուիրուած գիտաժողովներ ու սեմինարներ եւ պատրաստել Ցեղասպանութեան վերաբերեալ քարոզչական նիւթեր:
* Նախապատրաստել յաջորդ տարուայ Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման միջոցառումները:
Միացեալ Մարմինը իր քննարկումներու ընթացքին յարմար գտաւ, որ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման իր գործունէութեան կողքին նախաձեռնէ նաեւ, այնպիսի միջոցառումներ, որոնք ըստ էութեան կը կրեն համահայկական բնոյթ եւ կը ծառայեն համահայկական շահերու, ինչպէս նաեւ կը վայելեն կազմակերպութիւններու մեծամասնութեան հաւանութիւնն ու աջակցութիւնը:
Միացեալ Մարմինը լաւագոյնս կազմակերպելու համար իր գործունէութիւնը, որդեգրեց աշխատանքային ուղեցոյց մը եւ կազմաւորեց ժամանակաւոր դիւան մը:
Անցնելով գործնական աշխատանքի, Միացեալ Մարմինը իր անմիջական գործունէութեան ծիրէն ներս, որոշեց Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին պաշտօնապէս նշել Սեւրի Դաշնագրի 90ամեակը եւ այդ նպատակով կազմակերպել հանրային հանդիսութիւն-սեմինար մը:
Միացեալ Մարմնի գործունէութեան եւ Սեւրի Դաշնագրի 90ամեակի միջոցառման մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կը հրատարակենք մեր յաջորդ հաղորդագրութիւններով:
Վանի Հասարակական Կազմակերպութիւնները
Կը Պահանջեն Աղթամարի Խաչի Տեղադրումը
ՎԱՆ, «Նիուզ».- Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ վրայ մինչեւ Սեպտեմբեր 19ը խաչը չտեղադրելու որոշումը անհանգստացուցած է Վանի շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններ, որոնք հաւաքուած եւ քննարկած են ստեղծուած իրավիճակը:
Ըստ թրքական Gercekgundem կայքէջին՝ Վանի առեւտրա-արդիւնաբերական պալատին մէջ հաւաքուած տեղի հասարակական կազմակերպութիւններուն անունով՝ յայտարարութեամբ հանդէս եկած Վանի առետրա-արդիւնաբերական պալատի նախագահ Զահիր Քանտաշօղլու նշած է, թէ 2 օր է, որ իրենք հիասթափուած են թրքական իշխանութիւններուն այն որոշումէն, թէ հնարաւոր չէ խաչը մինչեւ պատարագի օրը տեղադրել Ս. Խաչի գմբէթին:
Զահիր Քանտաշօղլու կարեւոր համարած է պատարագի իրականացումը թէ՛ երկրին, թէ՛ Վանի նահանգին համար եւ աւելցուցած՝ «Ինչո՞ւ նման անհարթութիւն ստեղծուեցաւ: Ինչո՞ւ մինչեւ հիմա խաչը տեղադրուած չէ: Մենք այսօրուան մեր աշխատանքին աւարտին շրջաբերական կը պատրաստենք եւ կը փոխանցենք լրատուամիջոցներուն եւ պատկան մարմիններուն»: Զ. Քանտաշօղլու յիշեցուցած է, որ Էջմիածնէն հայ հոգեւորականներուն այցին չեղեալ յայտարարելէն յետոյ՝ Վանի հիւրանոցներուն մէջ նախօրօք եղած որոշ ամրագրումները չեղեալ յայտարարուած են:
Ըստ Քանտաշօղլուի՝ Թուրքիոյ նախարարներու խորհուրդը խաչ տեղադրելու թոյլտուութիւնը տուած է, եւ անիկա անպայման պիտի տեղադրուի, սակայն գործը իրականացնելու համար պէտք է միջոցներ ձեռնարկել:
Աննախադէպ Արշաւ՝ Յանուն Տաթեւի Զարգացման
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Սիրահարներու այգիին մէջ Սեպտեմբեր 5ին սկսած է «Ձօն Տաթեւին» խորագիրով «ֆլէշմոպ»ը, որուն նպատակն էր աջակցիլ «i-Buy» ֆոնտի քարոզարշաւին, որ կազմակերպուած էր Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամին եւ Հայկական «ֆլէշմոպ»ի հետ համատեղ եւ որուն իրենց աջակցութիւնը կը բերեն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» նախաձեռնութիւնը եւ «Դէպի Հայք» հասարակական կազմակերպութիւնը :
Հիմնադրամի մամուլի ծառայութեան տեղեկութիւններով՝ նշեալ ծրագիրին ծիրէն ներս՝ ծառերէն ամրացուած էր տասնհինգ պաստառ՝ Տաթեւի վանական համալիրի գծանկարով: Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքէին իրենց բարեմաղթանքը ընել համալիրին եւ տարածաշրջանին, իրենց կը տրամադրուէր գունաւոր մատիտներ: Մօտ երկու ժամ տեւած ձեռնարկի ընթացքին՝ աւելի քան հարիւր տարբեր տարիքի անցորդներ, ինչպէս նաեւ «Արի տուն» նախաձեռնութեան եւ «Դէպի Հայք»ի կամաւորները ծանօթացած են ձեռնարկի նպատակին եւ պաստառներուն վրայ ըրած իրենց բարեմաղթանքները:
Նախաձեռնութեան նպատակը եղած է համատեղել Հայաստանի եւ Սփիւռքի երիտասարդութեան ներուժը՝ յանուն Տաթեւի վանական համալիրի վերականգնման եւ Տաթեւի տարածաշրջանի կայուն զարգացման՝ միեւնոյն ժամանակ հասարակութեան եւ լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը սեւեռելով «i-Buy» ֆոնտի քարոզարշաւին վրայ: Յաջորդ նոյնանման նախաձեռնութիւնը տեղի պիտի ունենայ Գիւմրիի մէջ՝ Սեպտեմբեր 15ին։
Նշենք, որ աշխարհի հայերուն եւ արտասահմանցիներուն «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագրին մէջ ներգրաւելու նպատակով՝ Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամը սկսած է աննախադէպ արշաւ: Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին իրենց ներդրումը ունենալ ծրագրին մէջ, կրնան www.tatev.am կայքէն առցանց գնել «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագրի 10 տոլար արժողութեամբ հիմնադրամի տոմս: Հաւաքագրուած միջոցները կ՛ուղղուին դէպի այս ծրագրի իրականացումը, որու համար անհրաժեխտ պիտի ըլլայ 50 միլիոն ԱՄՆ տոլար:
Նուիրատուութիւնը իրականացնելու ժամանակ հարկ է յիշել, որ 10 տոլար արժողութեամբ տոմսը վիճակահանութեան պիտի դրուի եւ յաղթողը պիտի ստանայ 5.000 ԱՄՆ տոլար արժողութեամբ նուէր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.