
ԹԻՖԼԻՍ.- Սեպտեմբեր 7ին, Թիֆլիսի մէջ «Reuters» լրատուական գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպի նշած է, թէ այս ամառ, ղարաբաղա-ատրպեճանական շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած են շատ լուրջ բախումներ:
«Կը կարծեմ, որ ատրպեճանական ղեկավարութիւնը կը գիտակցի այն հսկայական վտանգներուն եւ հաւանական կորուստներուն, որոնք կապուած են (Ղարաբաղեան) հակամարտութիւնը ռազմական ճանապարհով լուծելու փորձերուն հետ», յայտարարած է Սեմնեպի՝ զգուշացնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ բախումներուն սաստկացումը կրնայ անվերահսկելի դարձնել զանոնք:
Փիթըր Սեմնեպի մանրամասնելով խօսքը՝ ըսած է. «Երկու կողմերուն մէջ ալ կան շատեր, զինուորներ, որոնք ջղայնացած են: Շիկացած իրավիճակի մէջ եթէ որեւէ բան պատահի, ատիկա կրնայ դիւրութեամբ դուրս գալ վերահսկողութենէ, եւ մենք պէտք է լրջօրէն վերաբերինք անոր հետ»:
Սեմնեպի անհրաժեշտ կը համարէ հրադադարի սաստկացումը՝ իբրեւ հնարաւոր տարբերակ, նշելով նաեւ միջազգային առաւել դիտորդներու տեղակայումը: Ան ընդգծած է, որ ԵԱՀԿի կողմէ համակարգող 6 հոգինոց առաքելութեան հնարաւորութիւնները սահմանափակ են՝ դիտարկումներ եւ միջադէպերու հետաքննութիւն իրականացնելու ուղղութեամբ:
«Շփման գիծին վրայ մենք ունինք անորոշ իրավիճակ, քանի որ ասիկա ինքնակարգաւորուող հրադադար է, երբ երկու կողմերը կը գտնուին դէմ առ դէմ՝ առանց անոնց միջեւ որեւէ բաժանարար ուժ ըլլալու», շեշտած է Սեմնեպի։