
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլխան Փոլուխով Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8ին հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Պաքուն մերժած է Ատրպէյճանի մօտ իբրեւ Վրաստանի դեսպան Իրաքլի Քաւթարածէն նշանակելու Թիֆլիսի որոշումը, պարզապէս, որովհետեւ վերջինս հայկական ծագում ունի, եւ սոյն տեղեկութիւնը հայկական մամուլին կողմէ իրականութեան խեղադիւրում նկատեց:
Ան աւելցուց, թէ կառավարութեան տուեալներով, ներկայիս Ատրպէյճանի մէջ կ՛ապրին 30,000 հայեր, որոնք երկրին բոլոր քաղաքացիներուն հետ հաւասար իրաւունքներ կը վայելեն: